2016-04-29 11:24:00

''Ոչ կրկնակի կեանքին'' Ֆրանչիսկոս Պապին 29 ապրիլի քարոզը


(Ռատիօ Վատիկան) ''Քրիստոնեայ մը չի քալեր մռայլոտ ճամբաներէն որովհետեւ այնտեղ չկայ Աստուծոյ ճշմարտութիւնը։ Սակայն եթէ այս մէկը պատահի, ան կրնայ վստահիլ Աստուծոյ ներումին, որ մեզի կը վերադարձնէ ''լոյսի'' կեանքին։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ուրբաթ 29 ապրիլ 2016-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին նիւթը։

Յստակ Աստուծոյ նման. Առանց մեղքի, որովհետեւ չկայ սխալ մը կամ յանցանք մը որ չի ներգրաւեր Հօր քնքշութիւնն ու ներումը. Քրիստոնէական կեանքը` հաւատացեալները կը հրաւիրէ երկդէմ կեանք մը չունենալ, -  լուսաւոր դէմք եւ մռայլոտ սիրտ – որովհետեւ Աստուած լոյս է միայն։

''Եթէ դուն ըսես որ Տիրոջ հետ հաղորդութեան մէջ ես, պէտք ես քալել լոյսին մէջ, ապա թէ ոչ սուտի մէջ ես եւ սուտը սատանային գործն է։ Առ այդ քալէ լոյսին մէջ'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը որ  քաղուած էր Սուրբ Յովհաննէսի ընդհանրական թուղթէն եւ որուն մէջ առաքեալը հաւատացեալները կը կոչէ ''որդեակներ'' ու անոնց կը վստահեցնէ թէ Աստուծոյ մօտ ունինք բարեխօս մը, Յիսուս Քրիստոս, Արդարը եւ Անարատը։ Ինքն է քաւութեան զոհը մեր մեղքերուն։

Տէրը արդարեւ աւելի մեծ է մեր մեղքերէն, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ այս է Աստուծոյ ողորմութիւնն ու մեծվայելչութիւնը։ Ան գիտակից է թէ մենք ոչինչ ենք եւ թէ միայն Անորմէ կը բխի զօրութիւնը։ Քալենք լոյսին մէջ, որովհետեւ Աստուած լոյս է, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, մի քալէք մէկ ոտքը լոյսին եւ միւսը խաւարին մէջ։ Մի ըլլաք ստախօսներ։ Եւ եթէ մէկը մեղանչէ, Տէրը մեզ կը սպասէ. Մեզ կը ներէ, որովհետեւ Ան ողորմած է եւ կը ճանչնայ մեզ''։

''Թող այս գրութեան ուրախութիւնը մեզ ուղղէ պարզութեան ու քրիստոնէական կեանքի թափանցկութեան'' ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ ու քարոզը եզրափակեց  յորդորելով միշտ արտայայտուիլ ճշմարտութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.