2016-04-29 09:37:00

Միջին Արեւելքի եկեղեցիները հովանաւորեցին Սուրիահայ աշակերտներու գարնանային դպրոցը


Ուրբաթ, 22 ապրիլի յետմիջօրէին, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ բացումը կատարուեցաւ սուրիահայ աշակերտներու գարնանային դպրոցին:

Դպրոցը կը համախմբէ Պուրճ Համուտ եւ շրջակայքը բնակող 155 սուրիահայ փոքրիկներ, որոնք 11 շաբթուան ընթացքին, շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ (ուրբաթ կէսօրէ ետքերը եւ շաբաթ առաւօտները), պիտի հետեւին դաստիարակչական յատուկ ծրագիրի` բարելաւելու համար ուսումնական-կրթական իրենց մակարդակը:

Դպրոցին բացումը նախաձեռնութիւնն է Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին, գործակցութեամբ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան եւ նիւթական հովանաւորութեամբ MECC-ի` Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին: Դպրոցին ծրագիրը կ’ընդգրկէ անգլերէն լեզու, անգլերէնով ուսողութիւն եւ գիտական նիւթեր, ընդհանուր զարգացման գիտելիքներ, արուեստներ եւ մարմնակրթութիւն: 155 աշակերտեր, վեց դասարաններու մէջ բաժնուած, օրական պիտի կատարեն երեքական պահ: Նախատեսուած են նաեւ արտադպրոցական պտոյտներ եւ հաճելի ժամանցի պահեր:

Դպրոցին բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ներկայացուցիչներ` Սամեր Լահամ եւ Սեդա Խտըշեան, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, գարնանային դպրոցի անձնակազմը, սուրիահայ փոքրիկներ, ծնողներ եւ հարազատներ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.