2016-04-29 09:28:00

Իրաքի եկեղեցին կը յարի Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն բարեսիրական մարմնի ձեռնարկին։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Քրիստոնեաները երկրագունդին մէջ կրօնական ամենէն աւելի հալածուած խումբն են ու անոնց կեանքի պայմանը օրէ օր կը վատթարանայ, մասնաւորապէս այն երկիրներուն մէջ ուր երկար ժամանակէ ասդին, անոնք ենթակայ են կրօնական ազատութեան սահմանափակումին'' այս խօսքերը պարունակուած են Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն բարեսիրական մարմնի հրապարակած հաղորդագիրին մէջ։

Հանրային կարծիքը լուսաբանելու ու աւելի գիտակից դարձնելու միտումով Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն բարեսիրական հաստատութիւնը ուրբաթ` 29 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան, ձեռնարկած է արեան գոյնով լուսաւորել Հռոմի աշխարհահռչակ  ''Fontana di Trevi'' շատրուանը, յիշատակելու եւ մեծարելու համար բիւրաւոր քրիստոնեայ նահատակները, որոնք այսօր եւս կը սպաննուին վասն հաւատքի։

Ներկայիս հալածուած քրիստոսներու թիւը կը գնահատուի աւելի քան 200 միլիոնի աշխարհի մէջ և շատ մը վայրերուն մէջ անոնց կեանքի պայմանները օրէ օր կը վատթարանան։

Ափրիկէի մէջ ծայրայեղ մահմետական խմբակներու  ներկայութիւնն ու ազդեցութիւնը կը հզօրանայ, ինչպէս է պարագան  Պոքօ հարամի եւ Ալ Շապապի։

Ասիայի մէջ ծայրայեղ մահմետականներու կարգին կան նաեւ Ինդուները, պուտտայականները ու մենատէր վարչաձեւերը ինչպէս է պարագան հիւսիսային Քորէայի։ Առանց մոռնալու Միջին Արեւելքը ուր` օրինակի համար Իրաքը ունէր մէկ միլիոն հաշուող քրիստոնեայ հասարակութիւն մը որ այսօր հազիւ 300 հազարի կը հասնի։ Այս առընչութեամբ Իրաքի Քաղդէացի պատրիարքութիւնը, աղօթքի միջոցաւ իր յարումը յայտնած է,  Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն վերոնշեալ նախաձեռնութեան։ Պատրիարք Սաքօ յարումի պատգամին մէջ գրած է ''անհրաժեշտ է որ հանրային կարծիքը տեղեկանայ քրիստոնեաներու կրած հալածանքի ողբալի եղելութեան մասին։ Ան ապա ընդգծած է նահատակ քրիստոնեաներու վկայութեան արժէքը որպէս կատարեալ սիրոյ, հաւատարմութեան ու զոհաբերումի տիպար, ''որուն մասին ամէնքս կանչուած ենք խորհրդածելու''։ ''Իրաքցի Նահատակները մեզի ոյժ կու տան ու վստահ ենք որ անոնց արիւնը մեզի պիտի տայ մեծ յոյս եւ կարող պիտի դառնայ բարեփոխելու ներկայ կացութիւնը'' գրած է միշտ Սաքօ պատրիարք։

Հռոմի ''Fontana di Trevi'' շատրուանը արեան գոյնով լուսաւորումին ընթացքին խօսք պիտի առնէ Հալէպի Քաղդէացիներու Եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդը` գերապայծառ Անթուան Օտօ, որ այս օրերուն հիւրն է Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն բարեսիրական մարմնին, վկայելու համար Սուրիոյ հալածուած քրիստոնեաներու ապրած իրավիճակը։

Գերապայծառ Անթուան Օտօ մամուլին հետ ունեցած ելոյթով ըսաւ ''Սուրիան եւս իր կարգին քրիստոնեաներէն կը պարպուի։ Մէկ ու կէս միլիոն քրիստոնեաներէն մնացած է շուրջ կէս միլիոն։ Քրիստոնեաներու արտահանումի խորհրդանիշն է Հալէպ` մարտիրոս-քաղաքը։ Մինչեւ 2011 Հալէպ եղած է միջնաբերդը Սուրիոյ քրիստոնէութեան։ Անոնք 160 հազարէն անցած են 40 հազարի։

Նշենք որ այս նախաձեռնութեան կը մասնակցին “Avvenire” օրաթերթը, “Rome Reports”, “Catholic News Agency” եւ  ”Zenit”, իտալական Քարիթասը, Sant’Egidio հասարակութիւնը, Comunione e Liberazione, Azione Cattolica  կաթողիկէ բանուորական շարժումը եւ այլք...։

Կազմակերպիչները կը յուսան որ այս նախաձեռնութեամբ բեկանել հանրային կարծիքին անտարբերութիւնը հանդէպ միլիոնաւոր քրիստոնեաներու հալածանքին ու նահատակութեան։

Յայտնենք որ Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն բարեսիրական մարմնի նախաձեռնութիւնը արեան գոյնով լուսաւորելու Հռոմի ''Fontana di Trevi'' շատրուանը, արձագանք գտած է ՄԱԿի Նիւ Եորք աթոռին մօտ, ուր Ս. Աթոռի պատուիրակութիւնը գիտաժողով մը կազմակերպած էր, հինգշաբթի 28 ապրիլին` ´´ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու´´ նիւթով։ Գիտաժողովին իր մասնակցութիւնը բերած է Ս. Աթոռի մնայուն դէտ` գերապայծառ Bernardito Auza ու անոր հետ միասին բազմաթիւ անձնաւորութիւններ քրիստոնեայ եւ մահմետական աշխարհներէն, ինչպէս նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի ծայրայեղական խմբաւորումէն առեւանգուած եւ ապա սպաննուած կամաւոր ''Kayla Mueller''-ի ծնողքը, որոնք այս առթիւ ներկայացուցած են իրենց այս անձնական տխուր փորձառութեան վկայութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.