2016-04-29 08:50:00

Բռնութիւններու եւ չարաշահումի զոհ մանուկներու Ի օրը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Պատանիներ կանգնեցէք'' այս է բռնութիւններու, չարաշահումի եւ մանկամոլութեան դէմ անտարբերութեան զոհ մանուկներու Ի օրուայ բնաբանը որ կը նշուի կիրակի 1 Մայիս 2016-ին եւ որ  կազմակերպուած է` Հայր Ֆորթունաթօ Տի Նոթոյի հիմնած ''Մեթեր'' ընկերակցութեան հովանաւորութեամբ եւ որ իր կեդրոնական պահը պիտի վայելէ, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին մասնակցութեամբ։ Յայտնենք թէ սոյն միջոցառումը սկիզբ առած էր 1995-ին որուն յարած են եկեղեցական զանազան շարժումներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.