2016-04-28 10:48:00

Ցեղասպանութեան 101-ամեակի նշում Մեսրոպեան վարժարանի մէջ


22 Ապրիլ 2016-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը կայացաւ միաժամանակ նահատակներու յիշատակը արժանաւորապէս նշելու, աշակերտներուն մէջ պահանջատիրութեան ոգին վերարծարծելու եւ Արցախի պայքարին զօրակցութիւն յայտնելու մթնոլորտին մէջ:

Մեսրոպեանի աշակերտները հաւաքին ներկայացան Հայաստանի, Արցախի եւ Կիլիկեան թագաւորութեան դրօշներով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՛արտայայտէ մաս մը հայու ինքնութեան եւ հայու միացեալ դատին: Անոնք նաեւ բարձրացուցած էին Եղեռնի զոհերուն յիշատակը, ազգային պահանջատիրութիւնը եւ Արցախի մէջ կռուող զինուորին հերոսութիւնը նշող պաստառներ:

Սուրբ Մեսրոպի յուշակոթողին առջեւ կայացած հաւաքին աշակերտութեան անունով բացման խօսքը կատարեց Յակոբ Մաթոյեան, ապա հնչեցին Լիբանանի, Հայաստանի և Մեսրոպեանի քայլերգները: Գեղարուեստական մասով խմբային հինգ ասմունքներ կատարեցին Ծաղիկի եւ նախակրթարանի տարբեր դասարաններու աշակերտները, իսկ անհատական ասմունքով հանդէս եկան Եւա Ղազարեան եւ Էլի Թորանեան: Կասիա Լեւոնեան սրինգով նուագեց «Կիլիկիա»ն, Սեդօ Աւետիսեան և Մարիա Հաշոլեան կատարեցին «Գետաշէն» երգը, իսկ աւարտին՝ «Ծիծեռնակ» երգչախումբը մասնակիցները խանդավառեց «Ազատ Հայաստան» եւ  «Գնում ենք Արցախ» երգերով: Իւրայատուկ մասնակցութիւն ունեցան Ծաղիկ դասարանի աշակերտները, որոնք հայկական տարազներով ներկայացուցին Եղեռնին հետեւանքով ցեղասպանին կողմէ հայութենէն խլուած բնակավայրերը:

Օրուան հիւր պատգամախօսն էր պրն. Յակոբ Հաւաթեան, որ վեր բերաւ ազգային արժէքներու իմացութեան կարեւորութիւնը՝ որպէս երաշխիք ազգային ինքնութեան պահպանման: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն հաւատարիմ մնալ մեր դատին եւ ապագային յանձնառու ըլլալ անոր պաշտպանութեան:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ յիշեցուց աշակերտներուն, որ Ապրիլեան ոգեկոչման այս օրերուն Արցախը հերոսական պայքար կը մղէ ի խնդիր հայրենի հողի պաշտպանութեան: Ան ըսաւ, որ 1915-ի Եղեռնին զոհ մանուկները կը նոյնանան Թալիշի մէջ՝ դպրոցի ճամբուն վրայ նահատակուած Արցախցի մանուկին հետ, շեշտելով, որ պիտի գայ այն օրը, երբ հայոց հայրենիքը պիտի ամբողջանայ Արցախէն Արեւմտեան Հայաստան:

Ապրիլեան սուրբ նահատակներու ոգեկոչման արարողութիւնը փակուեցաւ Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանի «Պահպանիչ»ով եւ ծաղկեպսակի տեղադրմամբ՝ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանի նմանակին առջեւ:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ 

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.