2016-04-28 09:31:00

Ռայի Պատրիարքը Եւրոպական խորհրդարանին առջեւ խօսեցաւ Արեւելքի Քրիստոնեաներու մասին


Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը , չորեքշաբթի, 27 ապրիլ 2016-ին, Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական խորհրդարանին առջեւ խօսք առնելով անդրադարձաւ Արեւելքի եւ յատկապէս միջինարեւելեան երկիրներու քրիստոնեաներու ապրած պայմաններուն եւ անոնց գոյատեւման սպառնացող մարտահրաւէրներուն` շրջանին մէջ արձանագրուող հաւատադրժողական ծայրայեղ խմբակներու ոճիրներու լոյսին տակ:

Ռայի պատրիարքը Եւրոպայի ու յատկապէս Միջին Արեւելքի ճակատագիրով մտահոգ երկիրներու ղեկավարներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց Լիբանանի եւ մերձակայ երկիրներու  քրիստոնեաներու փրկութեան անհրաժեշտութեան վրայ: Ռայի  պատրիարքը շեշտեց, որ Արեւելքը կը կենսագործէ իր երկու թեւերով` քրիստոնեայ-իսլամ տարրերու համերաշխ եւ դարաւոր բարեկամութեան ուղիով:








All the contents on this site are copyrighted ©.