2016-04-27 10:03:00

Ռայի Պատրիարքը Պրիւքսելի խորհրարանին մէջ խօսք պիտի առնէ արեւելքի քրիստոնեաներուն մասին


Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երեքշաբթի, 26 ապրիլին, եռօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Պրիւքսէլ, ուր տեսակցութիւններ պիտի ունենայ եւրոպացի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ: Այս առիթով Ռայի պատրիարքը , չորեքշաբթի 27 ապրիլին,  եւրոպական խորհրդարանին մէջ խօսք առնելով պիտի անդրադառնայ Արեւելքի քրիստոնեաներու կացութեան:

Ռայի պատրիարքը դէպի Պրիւքսէլ իր ճամբուն վրայ կոչ ուղղեց միջազգային պատկան կողմերուն խաղաղ լուծումներ գտնելու տիրող պատերազմական վիճակին եւ ապահովելու բոլոր գաղթականներուն տունդարձը խաղաղ միջոցներով:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն 








All the contents on this site are copyrighted ©.