2016-04-27 12:44:00

Մօտ ապագային երանելի պիտի հռչակուին Ալպանիոյ մէջ նահատակուած 38 մարտիրոսներ


(Ռատիօ Վատիկան)  Երեքշաբթի. 26 ապրիլ 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց  սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Անճելօ Ամաթոն եւ այդ առթիւ ստորագրեց  Սուրբերու դատին հայող հրամանագիրերը։

Երանելի պիտի հռչակուին Ֆրանչիսկեան միաբանութեան անդամ Տուրացօ թեմի արքեպիսկոպոս Վինչենզօ Փրեննուշի եւ իր 37 ընկերները,  որոնք ատելութեամբ սպաննուած են  Ալպանիոյ  մէջ՝ համայնավարութեան ժամանակաշրջանին։ Ապա Եկեղեցին պիտի ունենայ նոր սուրբ մը յանձինս Երանելի Հայր Ալֆոնսօ Մարիա Ֆուսքոյի` Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ իգական միաբանութեան հիմնադիրը ինչպէս նաեւ այլ հինգ երանելիներ` որոնց շարքին Յիսուսեան միաբանութեան անդամ, Աստուծոյ ծառայ Ճովաննի Սուլլիվան  եւ Պենտետիտեան միաբանութեան  4 քահանաներ, Հայր Ժուզէփփէ Անթոն Կոմէզ եւ իր երեք ընկերները որոնք ատելութեամբ սպաննուած  են  քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ ։

Աստուծոյ ծառաներու կարգին կը դասուին  ապա տասը նուիրեալ անձինք։

Թեմական քահանայ երանելի Ալֆոնսօ Մարիա Ֆուսքօ ծնած է 23 մարտ 1839-ին եւ վախճանած է 6 փետրուար 1910-ին։ Ան եղած է հիմնադիրը Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ անուան մայրապետներու միաբանութեան։

Յիսուսեան միաբանութեան անդամ, Աստուծոյ ծառայ Ճովաննի Սուլլիվան  ծնած էր մայիս 1861-ին եւ հոգին աւադնած է 19 փետրուար 1933-ին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.