2016-04-27 09:38:00

Մոկերինի. «Թուրքիան տակաւին հեռու է եւրոպական միութեան անդամակեցելէ»


«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարած է, որ Թուրքիան տակաւին հեռու է Եւրոպական Միութեան անդամակցելէ, Եւրոպական Միութեան միանալու շուրջ բանակցութիւնները Պրիւքսէլի համար միակ միջոցն են այդ երկրին արդիականացման օգնելու:

«Մենք տակաւին ատկէ հեռու ենք: Ատիկա կախեալ է բանակցութիւններուն ընթացքէն», ըսած է Մոկերինի «Ֆրանս Ինթեր» ձայնասփիւռի կայանէն:

Ան նշած է, որ պալքանեան երկիրները արդէն երկար տարիներէ ի վեր բանակցութիւններ կը վարեն, սակայն «տակաւին հեռու են անդամակցութենէն»:

«Ես համոզուած եմ, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու շուրջ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները միակ կարելիութիւնն են օգնելու այդ երկրին արդիականացնելու պետութիւնը, յարգելու հիմնարար իրաւունքները, ներառեալ` լրատուամիջոցներու եւ խօսքի ազատութիւնը», ըսած է Մոկերինի:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն








All the contents on this site are copyrighted ©.