2016-04-27 14:05:00

ՀՀ Սփիւռքի փոխ նախարարը այցելեց Մեսրոպեան


Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի փոխ նախարար պարոն Սերժ Սրապիոնեան 27 Ապրիլ 2016-ին այցելեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, ընկերակցութեամբ “Համազգային”ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ պարոն Սեւակ Քենտիրճեանին: Պարոն Սրապիոնեան Պէյրութ կը գտնուի տալու համար դասախօսութիւններու շարք մը Եղեռնի զոհ հայ գրողներուն մասին եւ ծանօթանալու համար Լիբանանի հայ համայնքի մշակութային եւ կրթական հաստատութիւններուն:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ հայրենի պետական պաշտօնատարին մանրամասնօրէն ներկայացուց վարժարանի պատմութիւնը, զարգացման ընթացքն ու կրթական ծրագիրները: Պարոն Սրապիոնեան շրջեցաւ հաստատութեան բոլոր բաժանմունքները եւ արտայայտեց իր հիացմունքն ու մեծագոյն գնահատանքը՝ ի տես ինչպէս վարժարանի ենթակառոյցին, նոյնպէս եւ կրթական ու դաստիարակչական այն մթնոլորտին, որ կը տիրէ անոր մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ Մեսրոպեանը բազմաթիւ առումներով օրինակելի կերպար է Հայ դպրոցի, որուն վիճակուած է դաստիարակել հայրենասէր ու միեւոյն ժամանակ աշխարհի ներկայ պահանջներուն համապատասխան պատրաստուած սերունդ: Ան վարժարանի տնօրէնին նուիրեց Նորավանքի մասին տեղեկատուական խտասալիկ մը:

Այցելութեան ծիրին մէջ, պարոն Սրապիոնեան հանդիպում ունեցաւ Մեսրոպեանի Ժ. Եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտներուն հետ եւ անոնց ներկայացուց դասախօսութիւն մը հայ մեծ բանաստեղծ, Եղեռնին զոհ գացած Դանիէլ Վարուժանի մասին, վեր բերելով Ցեղին սրտին ու ազգի պայքարի երգիչին պատգամները՝ մեր ժամանակներուն համար:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.