2016-04-27 09:45:00

Հանրակառքի պայթումի ենթադրեալ մեղաւորը կը պատրաստուէր վնասելու իր ազգականները


Երեւանի Հալաբեան փողոցին մէջ Ապրիլ 25-ի երեկոյեան հանակառքի պայթումին ենթադրեալ մեղաւորը, նախնական տեղեկութիւններով, կը պատրաստուէր պայթեցնելու իր ազգականները:

Ըստ News.am-ի՝ Քննչական կոմիտէի նախագահի խորհրդական Սոնա Տռուզեան յայտնած է, որ քննութեամբ եւ ԱԱԾ-ի հետ համատեղ իրականացուած յետախուզական քայլերուն իբրեւ արդիւնք պարզուած է, որ դէպքի վայրին մէջ յայտնաբերուած բջիջային հեռախօսային քարտի բաժանորդը կենցաղային հողի վրայ դժգոհութիւն ունեցած է իր ազգականներուն հետ եւ նախապատրաստուած է պայթեցման եղականով վնասելու անոնց:

Աւելի առաջ Քննչական կոմիտէն յայտնած էր, որ դէպքի վայրի զննութեամբ, ի թիւս քրէական գործով էական նշանակութիւն ունեցող այլ առարկաներու, յայտնաբերուած է բջիջային հեռախօսային քարտ: ԱԱԾ հետախուզական մարմիններու հետ համագործակցաբար պարզուած է տուեալ քարտի բաժանորդին ինքնութիւնը, որ ՀՀ քաղաքացի է, նախապէս երկու անգամ դատուած: Անոր բնակութեան վայրին մէջ, օրէնքով սահմանուած կարգով, Ապրիլ 26-ին իրականացուած խուզարկութեամբ յայտնաբերուած է «Թրոթիլ» տեսակի պայթուցիկ նիւթ, պայթուցիչ սարքեր եւ տարբեր տեսակի ելեկտրասարքեր:

«Թրոթիլ» տեսակի պայթուցիկ նիւթի տարրեր, հետքեր յայտնաբերուած են նաեւ հանրակառքի եւ դէպքի վայրի զննութեամբ առգրաւուած փորձանմուշներուն վրայ, որ հիմնաւորուած է նշանակուած փորձաքննութեան նախնական եզրակացութեամբ:

Յիշեցնենք, որ թիւ 63 համարի հանրակառքը պայթած է Երեւանի Հալաբեան փողոցի թիւ 11 շէնքին մօտ: Կայ երկու զոհ եւ 8 տուժած:

Դէպքին առթիւ յարուցուած է քրէական գործ, նշանակուած են շարք մը փորձաքննութիւններ:

 Քաղուած Եռագոյնէն








All the contents on this site are copyrighted ©.