2016-04-27 10:18:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Լռութեան Նոր Իմաստը

Ոմանց այնպէս կը թուի, թէ լուռ մնացողը պարտուած մըն է, ամօթխած անձ մը կրնայ ըլլալ, տկարութիւն մը ունի թերեւս եւ կամ յոռեգոյն պարագային՝ յանցաւոր է:

Լռութեան զօրութեան մասին ակնարկութիւններու շատ կը հանդիպինք, յատկապէս քրիստոնէական բարոյագիտութեան մէջ, սկսեալ Աւետարանի ուսուցումներէն՝ Յիսուսի մատնանշած բարոյական այն ուղղութիւններէն եւ ընկերային կեանքի փոխյարաբերական այն ըմբռումներէն, որոնք մեր առօրեան աւելի դիւրին ու հեզասահ կը դարձնեն: Ինք ալ լուռ մնաց յաճախ, իբրեւ ամէնէն ուժեղ պատասխանը՝ տրուած Իր հակառակորդներուն:

Կեանքի դառն թէ քաղցր օրերուն, լռութեան տեղը եւ դերը զգալի անհրաժեշտութեան կը վերածուի: Նոյնիսկ քաղցր օրերուն, անիկա դադարի, ինքնավերարժեւորման եւ յստակատեսութեան կ՛առաջնորդէ իր ուրախութենէն ու իր յաջողութիւններէն գինովցած մարդուն: Իսկ դառն օրերուն, իւրաքանչիւր անձ իր փորձառութեամբ կրնայ վկայել, թէ ի՜նչ կարեւոր հանգամանք կը ստանայ լռութիւնը, որ անգիտակցաբար կը փարի մարդու հոգւոյն՝ ներամփոփման, խոկումի ու կացութեան լրջութիւնը քննելու եւ կշռադատում կատարելու հնարաւորութիւն ստեղծելով անոր համար:

Լռութիւն պահելը սոսկ սակաւախօս ըլլալը չէ, ո՛չ ալ արհամարհելու կամ անտեսելու քաղաքականութեան արտայայտութիւն մը: Ոմանց այնպէս կը թուի, թէ լռութիւնը նաեւ խոհականութեան նշան է: Միւս կողմէ, ուրիշներ կը մտածեն, թէ իսկական լռութիւնը նաեւ ուժի ցուցադրութիւն է, երբ անիկա կը կատարուի բացայայտ եւ քաջ կեցուածքով: Երբ այդ կեցուածքը կը բացակայի, լռութիւնը համամտութեան համարժէք քայլ կը հանդիսանայ, որ ինքնին տկարութեան առաջին աստիճանին համազօր երեւոյթ է: Ուրեմն, լուռ մնացող մարդուն արտաքին ձեւերէն կռահելի կը դառնայ անոր ցուցաբերած լռութեան քաջ կեցուածք ունենալը, կամ՝ տկար ու մեղմ բնոյթ ունենալը:

Լուռ մարդը երբեմն կը համարուի անողնայար կամ քունի մէջ։ Սակայն այս լռութիւնը նաեւ խաղաղութեան հետ համեմատելի երեւոյթ կը հանդիսանայ, երբ խաղաղ դրացնութեան պայմաններ կը ստեղծուին սահմանակից երկիրներուն միջեւ:

Լռութիւնը ունի այլ իմաստ. որ է «Ազատութեան վայելք»:

Բազմամարդ ամբոխի մէջ թէ ժողովի թէժ նիստի մը ընթացքին, սեփական լռութեան պահը կը դառնայ ներքին ազատութիւն վայելելու գերերջանիկ պահ… Ազատութիւն՝ առանձին մտածելու, ազատութիւն՝ անկախ տրամաբանութիւնդ գործածելու, ազատութիւն՝ ինքնորոշման իրաւունքդ ուսումնասիրելու եւ ըստ այնմ գործելու: Սակայն այս բոլորէն աւելի, լռութիւնը կու տայ ազատութիւն՝ ազատութիւնդ վայելելու: Ահա լռութեան նոր իմաստը, որ է՝ ազատութիւնդ վայելելու հաճոյքը:

Ամէն ազգ ազատ է իր ազատութեան ըմբռնումին մէջ, այնպէս ինչպէս ամէն մարդ ազատ է իր անհատական համոզումներուն մէջ: Ազատութիւնը բոլոր պարագաներուն ալ ունի իր սահմանագծումները, որոնք կը վերջանան հոն, ուր կը սկսի ուրիշին ազատութիւնը: Իսկ լռութեան պարգեւած ազատութիւնը, զայն վայելելու հաճոյքը կը պարգեւէ մարդուն, որուն ապրած զգացումը անբացատրելի կը մնայ իր խորքով:

Լռութեան պարգեւած ազատութեան իմաստը, սակայն, բոլորին հասանելի չէ՛, որովհետեւ ամէն մարդ կարողութիւն չունի ըմբռնելու այն երջանկութիւնը եւ զգալու հոգեկան այն բաւարարութիւնը, որ կը ստացուի այդ լռութենէն: Ոմանց պարագային լռութիւնը նաեւ հոգեկան տագնապի կը վերածուի՝ պարտութեան, լլկուածութեան եւ լքուածութեան զգացումներու միատեղումով: Սակայն գիտակցութիւնը պատճառ կը հանդիսանայ, որ ենթական անդրադառնայ այն բացառիկ շնորհքին, զոր կ՛ընծայէ լռութիւնը, ներքին՝ հոգեկան մակարդակին վրայ:

Լռութեան այս «վաճառանիշը» ամէն տեղ կարելի չէ՛ գտնել: Անոր արժէքը շատ բարձր է, եթէ կարելի ըլլայ ապսպրել ընդհանուր «շուկային» համար: Սակայն այնքան անհատական է անիկա, որ ո՛չ կարելի զայն ծախու առնել ուրիշէն, ո՛չ ալ նուիրել ուրիշին: Եթէ գտնես այդ լռութիւնը հոգիիդ խորքը, իմաստութիւնը ունեցիր վայելելու անոր շնորհած ազատութիւնը…








All the contents on this site are copyrighted ©.