2016-04-25 10:39:00

Հռոմի մէջ նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ ամեակը


Շաբաթ, 23 Ապրիլ 2016ի, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս Հայ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան հսկում, նախագահութեամբ՝ Վսեմաշուք Կարտինալ Լեոնարտօ Սանտրիի, հովանաւորութեամբ՝ Քահանայապետական Լեւոնեան վարժարանի մեծաւոր՝ Գերյարգելի Նարեկ ծ.վ. Նաամոյեանի, նախաձեռնութեամբ՝ վարժարանին սաներուն, ներկայ էին՝ Արհի. Տէր Էտմոն արք. Ֆարհադ, վարդապետներ՝ կաթողիկէ տարբեր ծէսերէ, Անարատ Յղութեան Միաբանութեան շնորհազարդ հայ քոյրերը, գլխաւորութեամբ՝ միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր մօր՝ Առաքինազարդ Եւդոկսիա Քէշիշեանի եւ մեծ թիւով հայ եւ օտար հայրէնասէր հաւատացեալներ:

Ձեռնարկը ընթացք առաւ զոյգ քայլերքներով, կատարողութեամբ՝ եկեղեցւոյ պատանիներուն, ապա հայերէն լեզուով հանդէս եկաւ եղբայր Ժագ Քէշիշեան, իսկ իտալերէն՝ եղբայր Էլի Հատտատ։ Անոնք ողջունելէ ետք ներկաները, յայտնեցին Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութեան անվերջ ընթացքը ըսելով՝ «Թուրքիոյ մեծ երազը չիրականացաւ, բայց ան մինչեւ օրս կը շարունակէ իր գազանաբարոյ ընթացքը, կարծես Արեւմտահայաստանի ահն ու ցաւը բաւարար չէր հայուն, թուրքը տակաւին իր դարաւոր սոսկալի ընթացքը կը շարունակէ հասնելով մինչեւ Արցախ եւ սփիւռս աշխարհի վրայ գտնուող հայութեան:»

Հերթականութեամբ հսկումի ընթացքին հանդէս եկան վարժարանի ժառանգաւոները, Հռոմաբնակ հայ երիտասարդներ եւ պատանիներ՝ ասմունքներով, հայրէնասիրական երգերով, շարականներով ու նուագներով։

Գեղարուեստական յայտագրին յաջորդեց Կարտինալ Սանտրիի, սրտի խօսքը՝ «Յիշատակելը միշտ ճանապարհ մըն է, որուն ընդմէջէն պէտք է մտաբերել մարդկային պատմութիւնը իր դաժանութեամբ, իսկ միեւնոյն ժամանակ մաքրագործուելու առիթ մըն է, ընթանալու ցաւի խորհքէն դէպի մխիթարութեան եզրը:»

Հանդիսութեան աւարտին, Վարժարանի Մեծաւոր հայրը իր խօսքին մէջ նշեց թէ Արցախեան եւ Միջին Արեւելքի պատերազմները  փոքր ապացոյց մըն են հարիւր տարիներ առաջ կատարուած անարդարութեան, ըսելով՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւր ամեակի սգատօնը արդէն իսկ վերածուեցաւ կենդանի պատկերի մը Արցախի  եւ Միջին Արեւելքի մէջ:»

Ի վերջոյ, բոլոր ներկաներ վառած մոմերով ուղղուեցան դէպի վարժարանի բակին մէջ կանգնած ապրիլեան նահատակներու յիշատակը վկայող հայկական խաչքարին շուրջ, ուր՝ աղօթքով եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելով աւարտին հասցուցին Ապրիլեան Ոգեկոչումը:

Եղբ. Ժագ Քէշիշեան








All the contents on this site are copyrighted ©.