2016-04-25 08:58:00

Աւելի քան 40 հազար քրիստոնեաներ գաղթած են Հալէպէն


(Ռատիօ Վատիկան) Հալէպ քաղաքը Սուրիոյ քաղաքացիական զինեալ ընդհարումի ամենէն աւելի վնասուած քաղաքն է։ Հրադադարը Հալէպի մէջ քիչ տեւեց, ըմբոստ խումբերն ու բանակը կը շարունակեն պատերազմիլ։ Ռումբերը կուրօրէն կը հարուած են անզէն ու անմեղ քաղաքացիները ։Սուրիական դրամի անկումով կեանքը շատ աւելիով սուղցած է եւ վերջին ժամանակներուն աւելի քան 40 հազար քրիստոնեաներ քաղաքէն հեռացած են։ Դժբախտաբար բռնութիւնը իր հետ կը  կը բերէ միայն այլ բռնութիւն։ Ի տես այս տխուր իրականութեան սակայն հալէպի բնակիչները  սկսած են աւելիով իրարու մօտենալ ու զիրար օգնել։ Թէեւ բոլորին իղձը կը մնայ պատերազմը դադրեցումը ու քաղաքի վերակառուցումը ինչպէս նաեւ վերջնական խաղաղութեան հաստատումը։ Սոյն տեղեկութիւնները Ռատիովատկանին փոխանցած է Յիսուսեան Հայր Ղասսան Սահուի` Հալէպէն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.