2016-04-23 22:06:00

Օրհնէ Տէր Հայ Ժողովուրդը, առաջին քրիստոնեայ ազգը:


Օրհնէ՛ Տէր Աստուած, մեր սիրելի ժողովուրդը, որ առաջին քրիստոնեայ ազգը եղաւ եւ քու Որդիիդ ետեւէն քալեց դարերու ընթացքին:

Տուաւ մարդկութեան ու սուրբ Եկեղեցիիդ, մեծամեծ հայրապետներ, ճգնասուն վանականներ, մարտիրոսներ ու զօրականներ, որոնք ապրեցան աստուածային սիրովդ ու մեռան սրբութեամբ:

Օրհնէ՛ Տէր մեր Հայրենիքը, եւ տուր որ օրէ օր աւելի զարգանայ նիւթական եւ գիտական ասպարէզներու մէջ, բայց մանաւանդ հոն աճի եւ ծաւալի Քրիստոսի Աւետարանին լոյսը: Տուր որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը նմանին հին դարերու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին ու կանգնեն տաճարներ ու մատուռներ:

Օրհնէ՛ Տէր աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած մեր հայրենակիցները, մանաւանդ անոնց զաւակները եւ շնորհէ որ ապրին երջանիկ ու լի քու շնորհքներովդ: Օրհնէ մեր կայտառ երիտասարդները եւ կոյսերը, որ ըլլան իմաստուն, բարեպաշտ ու մաքուր բարքերով:

Օրհնէ՛ Տէր մեր բոլոր կրօնաւորները, Կաթողիկոսներէն սկսեալ, մինչեւ ամենահամեստ աբեղան ու  քահանան եւ տուր որ մնան իրենց կարգի բարձրութեան վրայ եւ հովուեն Հայ ժողովուրդը սրբութեամբ ու եռանդուն հոգիով:

Օրհնէ՛ Տէր մեր բոլոր ղեկավարները եւ ազգին առաջնորդները որ կերտեն մեր ժողովուրդի բարօր ու երջանիկ ապագան:

Տո՛ւր Տէր որ հասնինք մեր ազգային արդար երազներուն: Տիրանանք մեր հայրենի հողերուն եւ իրաւունքներուն եւ ցոյց տանք աշխարհի որ Աստուած կը սիրէ առաջին քրիստոնեայ Հայ ժողովուրդը: Ցոյց տանք բոլորին թէ արդարութիւնը ուշ կամ կանուխ կը յաղթանակէ:

Տո՛ւր Տէր որ աշխարհի բոլոր Հայերը, Հայրենիքի, Արցախի թէ Սփիւռքի մէջ, ապրին միաբան ու համերաշխ եւ անկեղծ սիրով:

Այս բոլորը կը խնդրենք Տէր, Քրիստոսի չարչարանքներուն ու Խաչին անունով, որոնց կը միացնենք մեր բիւրաւոր Նահատակներու արեան ձայնը: Մեր Ցեղասպանութեան Մարտիրոսներու բարեխօսութեամբ, որ սուրբերու դասին բարձրացան, կը խնդրենք Տէր, օրհնէ մեր փառապանծ ժողովուրդը եւ դրախտավայր Հայաստանը: Ամէն:   

Մխիթարեան Միաբանութիւն

 








All the contents on this site are copyrighted ©.