2016-04-23 10:27:00

ԼՂ հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի բացառապէս քաղաքական-դիւանագիտական Ճանապարհով. Լաւրով


Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի եւ պէտք է կարգաւորուի բացառապէս քաղաքական-դիւանագիտական ճանապարհով: Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` Երեւանի մէջ ՀՀ ԱԳ նախարարին հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին:

«Սկզբունքօրէն գերակայ խնդիր է 1994թ.,1995թ. հրադադարի համաձայնագիրներու կատարման ապահովումը: Այդ պայմանագիրները անժամկէտ են եւ ենթակայ անյապաղ կատարման: Անորք պէտք է յարգուին բոլորին կողմէ: Ռուսիոյ Դաշնութիւնը, որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիր, պիտի ընէ ամէն ինչ` համագործակցելու կողմերուն հետ: Այս պահուն յարգելով հրադադարի առկայ պայմանագիրները, պէտք է ընել հնարաւորինը, որպէսզի գործնական հիմքի վրայ դրուին փոխադարձ վստահութեան, անվտանգութեան ապահովման, միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմներու վերաբերեալ առաջարկները, որոնք համաձայնեցուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ 2011-ի, եւ որոնց կեանքի կոչման ուղղութեամբ աշխատալ է ԵԱՀԿ-ը: Այդ գործընթացի դանդաղեցումը ճիշտ չէ»,- «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ` ըսած է Լաւրով:

Ան կոչ ըրած է հրադադարի պայմանաւորուածութիւններու խախտումներ թոյլ չտալու ` ցաւակցութիւն յայտնելով նաեւ Ապրիլի սկիզբը բռնութեան պոռթկման հետեւանքով զոհուածներու հարազատներուն:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրով Ապրիլ 21-22 Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով պաշտօնական այցով Հայաստան կը գտնուի:








All the contents on this site are copyrighted ©.