2016-04-22 09:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կրօնաւորական ուխտերուն 43-րդ տարեդարձը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 22 ապրիլ 2016-ին կը նշուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին  կրօնաւորական ուխտերուն 43-րդ տարեդարձը։ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիօ Յիսուսեան միաբանութեան անդամակցած է  11 Մարտ 1958-ին։ 13 Դեկտեմբեր 1969-ին Քահանայ ձեռնադրուած է եւ 22 ապրիլ 1973-ին կրօնաւորական մշտնջենաւոր ուխտերը կատարած է ։

Հայր Եորկէ Մարիօ Պերկոլիօ` եպիսկոպոսական օծումը ստացած է` 27 Յունիս 1992-ին։ 28 Փետրուար 1998-ին կը դառնայ Պուէնըս Այրէսի Արքեպիսկոպոս։ 2001-ին կ՛ընդունի Կարդինալական աստիճանը, ապա 13 մարտ 2013-ին կ՛ընտրուի Տիեզերական Եկեղեցւոյ Քահանայապետ։

22 ապրիլ թուականը յատկանշական իմաստ ունի Յիսուսեան Միաբանութեան հայրերուն համար,  որ այդ օրը կը տօնախմբեն Յիսուսեաններու Տիրամօր տօնը­, եւ 1541-ին Յիսուսեան միաբանութեան հիմնադիր` Ինիացիօ Տի Լոյոլայի ու անոր բարեկամներուն կատարած մշտնջենաւոր ուխտերը, Սուրբ Պօղոսի Պազիլիքային մէջ, կանոնական կերպով Յիսուսեան միաբանութիւնը որպէս կրօնական հասարակութիւն ճանչցուելէ ետք։








All the contents on this site are copyrighted ©.