2016-04-22 09:46:00

ֆրանչիսկոս Պապին երախտագիտութիւնը Արժանթինի երիտասարդներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) ֆրանչիսկոս Պապ` նամակ մը յղած է խումբ մը Արժանթինցի ու լատինամերիկացի երիտասարդներուն, որոնք յատուկ առաքելութեամբ կը գտնուին Հիւսիսային Բեւեռը եւ իրենց հետ տարած են ''Laudato si - Գովեալ ըլլաս''  Քահանայապետի`  բնապահպանութեան մասին շրջաբերական թուղթը, խաղաղութիւնը խորհրդանշող` ձիթենիի ոստ մը, ու ''Scholas Occurrentes'' դպրոցներու համաշխարհային ցանցի դրօշը. Ցանցը որ  որ ծնունդ առած էր ''Buenos Aires''-ի երբեմնի առաջնորդ`''Jorge Mario Bergoglio'' ներշնչումով։

Սրբազան Հայրը նամակին մէջ կը գրէ համոզուած եմ որ հարցը լուրջ է և նման նախաձեռնութիւններ կը սատարեն գիտակցելու կենսոլորտի վատթար վիճակին, բնական հարստութիւններու հատնումին ու հարստութիւններու անհաւասար ու անարդար բաշխումին։ Ձեր այս ճամբորդութիւնը ցոյց կու տայ թէ սիրով, յանձնառումով ու միասնաբար աշխատելով, կարելի է հին պատերը կամուրջներու վերածել ։ Նորին Սրբութիւնը ապա կ´օրհնէ ճամբորդողներու խումբին քաջութիւնն ու յանձնառումը հուսկ անոնցմէ կը խնդրէ որ իրեն համար աղօթեն Հիւսիսային Բեւեռին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.