2016-04-22 13:07:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 22 ապրիլի քարոզը ՝՝աւետում, բարեխօսութիւն եւ յոյս՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Աւետում, բարեխօսութիւն եւ յոյս , այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին,  ուրբաթ` 22 ապրիլ 2016-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին նիւթը, որուն մէջ ընդգծեց՝ թէ Քրիստոնեան յոյսի անձ մըն է.  ան յոյս ունի Տիրոջ   վերադարձին  ապա  յորդորեց  քաջութիւնը ունենալ` Առաքեալներուն նման աւետելու եւ վկայելու Յիսուսի Յարութիւնը՝ նոյնիսկ կեանքը վտանգելով։

Մեկնաբանելով օրուայ Սուրբ Գրային ընթերցումը, Նորին Սրբութիւնը. մէջբերեց Սուրբ Պետրոսի եւ Սուրբ Յովհաննէսի օրինակը.  քահանայապետերը անոնց արգիլած էին խօսիլ Յիսուսի անունով եւ Յիսուսի Յարութեան մասին, անոնք սակայն քաջութիւնն ու պարզութիւնը  ունեցան  լուռ չի մնալու  եւ աւետելու  ինչ որ լսեցին եւ տեսան։ Սրբազան Հայրը հաստատեց՝ թէ մենք քրիստոնեաներս՝ հաւատքով, մեր մէջ  կը կրենք Սուրբ հոգին, որ մեզի տեսնել եւ լսել կուտայ Յիսուսի Ճշմարտութիւնը, այն է՝ թէ Ան մեռաւ մեր մեղքերուն համար եւ Յարութիւն առաւ։ Այս է քրիստոնեայի կեանքին աւետումը, Քրիստոս կենդանի է ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա ակնարկեց Աւագ հինգշաբթի օրուայ երբ  Յիսուս վերջին ընթրիքի պահուն առաքեալներուն կը յայտնէ  ՝՝Իմ հօր տան մէջ կան բազմաթիւ բնակարաններ, պիտի երթամ ձեզի տեղ պատրաստելու համար՝՝  Սրբազան Հայրը հարց տալով  թէ Յիսուս ինչպէ՞ս տեղ պիտի պատրաստէ ըսաւ ՝՝Յիսուս մեզի համար կ՝աղօթէ,  այս է Անոր  բարեխօսութիւնը''  Յիսուս այս պահուն մեզի համար կ՝աշխատի՝ մեզի համար աղօթելով՝ Իր հօր  ցոյց տալով իր կրած վէրքերը''։

Սրբազան Հայր ապա անդրադառնալով  ՝՝յոյսին՝՝  ըսաւ  ՝՝Քրիստոնեան՝ յոյսի, այր մարդ ու կին մըն է։ Քրիստոնեան կը յուսայ, որ Տէրը վերադառնայ,  համայն եկեղեցին սպասումի մէջ  է`  Յիսուսի վերադարձին։ Այս է Քրիստոնեային յոյսը հաստատեց  սրբազան Հայրը ապա եզրափակելով իր քարոզը հրաւիրեց  մենք մեզի հարց տալու թէ՝ ինչպէ՞ս է աւետումը իմ կեանքիս մէջ։ Ինչպէ՞ս է իմ յարաբերութիւնս Յիսուսի հետ՝ որ կը բարեխօսէ ինծի համար։ Արդեօք կը հաւատա՞մ՝ որ Տէրը իսկապէս  Յարութիւն առաւ։ Արդեօք կը հաւատա՞մ, որ Ան իր Հօր կ՝աղօթէ ինծի համար։  վերջապէս արդեօք կը հաւատա՞մ որ Տէրը պիտի վերադառնայ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.