2016-04-21 14:11:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Քարիթասի անդամներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 21 ապրիլ 2016-ին առաւօտուն, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ յաջորդաբար ընդունեց Սուրբ Աթոռի տնտեսական քարտուղարութեան կառավարիչ կարդինալ Ժորժ Փել, Միացեալ Նահանգներու մօտ Սուրբ Աթոռի Պապական նուիրակ Գերապայծառ Քրիսթոֆ Փիերը, Էլ Սալվատորի եւ Պելիզի մօտ Պապական նուիրակ Գերապայծառ Լէոն Քալենկա Պատիքեպելէն, ապա  Իտալիոյ Ալպենկա եւ Իմբերիա թեմի օգնական եպիսկոպոս Գերապայծառ Կուլիելմօ Պորկեթթին։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ՝ կէսօրին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական թեմերու Քարիթասի համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերող աւելի քան 700 անդամներուն ու այս  առթիւ անոնց ուղղած ճառին սկիզբը յայտնեց,  թէ քարիթասի անդամներուն հետ հանդիպումը կը զուգադիպի` Պօղոս Զ Քահանայապետի խնդրանքով ստեղծուած  սոյն եկեղեցական կազմակերպութեան  հիմնադրութեան 45 –րդ ամեակին։  Երանելի Պօղոս Զ քահանաայպետը ուզած էր որ  սոյն կազմակերպութիւնը ունենար  դաստիարակչական եւ հովուական յատկանիշներ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եւ  խօսելով դաստիարակչական առաքելութեան մասին յայտնեց՝ թէ այս  մէկը  բոլորէն կը խնդրէ  շօշափելի սիրոյ յանձնառում՝   իւրաքանչիւր մարդ էակի նկատմամբ,  սկսեալ աղքատներէն,   որոնց  նկատմամբ` Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ մօտիկութիւն եւ օժանդակութիւն ցուցաբերել։ 

''Սէր մը որ կ՝արտայայտուի փոքրիկ նշաններով եւ ժէսթերով ''հաստատեց Սրբազան Հայրը ապա   անդրադարձաւ  ժամանակակից աշխարհի   մարտահրաւէրներուն եւ հակասութիւններուն   նշելով թէ Քարիթասը ունի դժուարին եւ սակայն կարեւոր պարտականութիւն մը այն է՝  գործել  այնպէս մը,  որ եղբայրասիրական ծառայութիւնը դառնայ իւրաքանչիւր անհատի յանձնառումը , այսինքն՝ բովանդակ քրիստոնեայ հասարակութիւնը դառնայ եղբայրասիրութեան անհատ մը։

''Ահա ուրեմն ձեր գործունէութեան եւ էութեան առաջնահերթ նպատակը` ըլլալ խթան ու հոգի­,  որպէսզի բովանդակ հասարակութիւնը աճի եղբայրասիրութեան մէջ եւ գիտնայ որոնել  միշտ`  աղքատներուն մօտիկ գտնուելու նոր ուղիներ, որոնք կարողութիւն ունենան ըմբռնելու եւ դիմագրաւելու` աշխարհի մէջ միլիոնաւոր հաւատացեալները հարստահարող կացութիւնները'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը յատկապէս շեշտը դնելով ''Կամաւորներու'' նուիրական գործունէութեան վրայ ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ  համաշխարհային մարտահրաւէրներու  վախին, անարդարութեան, ֆինանսական ու պարենական շահագործում կը սերմանեն,  ինչպէս նաեւ կը յառաջացնեն կենսոլորտի ապականում ու պատերազմ եւ ընդգծեց հարկաւորութիւնը` ամենօրեայ աշխատանքով  յառաջ տանելու  յանձնառումը՝ մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ ինչպէս նաեւ արարչութեան խնամքի եւ ''բնապահպանումի ամբողջականութեան'' ի սպաս յարգալի եւ եղբայրական հանդիպումի դաստիարակութիւնը։

''Կը քաջալերեմ ձեզ երբեք չի յոգնելու՝ զարգացնել հասարակութիւնները,  որոնք ունենան երկխօսութեան ձգտումը որպէսզի հակամարտութիւնները ապրուին աւետարանի լոյսին տակ ու դառնան առիթ հաշտութեան` Այս է Քրիստոսի խաղաղութիւնը որ մենք հրաւրուած ենք յառաջ տանիլ'' հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը եւ քաջալերեց Քարիթասի անդամները յարատեւելու  նաեւ գաղթականներու ի սպաս իրենց գործունէութեան մէջ  ընդգծելով թէ գաղթականութեան երեւոյթը,  իր բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ  կը մնայ ընդմիշտ որպէս հարստութիւն ու կենսամիջոց։

Պատգամին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ  անդարարաձաւ ընտանիքին մասին յայտնելով՝ թէ ընտանիքը եղբայրասիրութեան վկայութեան օրրանն ու բնակարանն է։ Ընտանիքը՝ սահմանադրութեամբ Քարիթաս է ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ. ՝որովհետեւ Աստուած այսպէս ստեղծեց զայն, ընտանիքի հոգին ու  անոր առաքելութիւնը սէրն է հաստատեց Սրբազան հայրը` այդ ողորմած սէրը,  որ ինչպէս  ՝՝Սիրոյ Ուրախութիւն՝՝ առաքելական յորդորագիրին մէջ նշեցի՝՝ գիտէ ընկերանալ, զատորոշել, ներառել ''դիւրաբեկ'' իրականութիւնները։  

Յարուցեալ Քրիստոսի հանդէպ վստահութեամբ լի եւ Սուրբ Հոգիէն յառաջացած քաջութեամբ կրնաք յառաջ երթալ առանց վախի ու ձեր հովուական յանձնառումին մէջ վերագտնել  միշտ նոր հեռանկարներ, զարգացնելով նոր ձեւեր եւ համոզումներ աւելի լաւ համապատասխանելու Տիրոջ՝ որ մեզի կը յայտնուի  մեր կարիքաւոր եղբայրներու պատմութիւններու եւ դիմագիծերու մէջ,  որ կը սպասէ մեր օգնութեան ու մեր ողորմած հոգածութեան։

Սրբազան Քահանայապետը ապա խօսքը եզրափակեց հաստատելով՝ թէ աղքատները Աստուծոյ` եկեղեցւոյ ըրած զօրեղ առաջարկն են, որպէսզի ան կարենայ աճիլ սիրոյ եւ հաւատարմութեան մէջ , ապա հայցեց Աստուածամօր եւ Երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետի բարեխօսութիւնը ու բոլորին տուաւ իր հայրական օրհմութիւնը անոնցմէ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.