2016-04-21 15:21:00

Սիսիլիոյ Նահանգային Խորհրդարանը միաձայն ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը


Ապրիլ 20-ին Սիսիլիոյ նահանգային խորհրդարանը միաձայն ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը` այսպիսով դառնալով Իտալիոյ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու մակարդակով Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած 105-րդ խորհուրդը:

Հայաստանի ԱԳ նախարարութեան մամլոյ վարչութիւնը կը յայտնէ, որ ընդունուած բանաձեւին մէջ Սիսիլիոյ նահանգային խորհրդարանը իր զօրակցութիւնն ու համերաշխութիւնը կը յայտնէ պատմական իրականութեան ճանաչման եւ անքակտելի իրաւունքներու պաշտպանութեան համար հայ ժողովուրդի պայքարին:

Բանաձեւին մէջ կոչ կը կատարուի Սիսիլիոյ նահանգային եւ Իտալիոյ ազգային կառավարութիւններուն՝ համատեղ աջակցելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման միջոցառումներուն եւ տարածելու պատմական փաստերու իմացութիւնը` յանուն խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքներու պաշտպանութեան:

Բանաձեւին նախագիծը ներկայացուցած էին պատգամաւորներ Քորտարօ Սալուատորէն (Cordaro Salvatore), Տ’ասերոյ Անթոնինոն (D’Asero Antonino), Փափալէ Ալֆիոն (Papale Alfio) եւ Քրասսօ Պեռնատէթթէ Ֆելիչէն (Grasso Bernadette Felice):

Բանաձեւին վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած էր դեռ 2015-ի Նոյեմբերի վերջը Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Սարգիս Ղազարեանի Փալերմօ այցի ժամանակ Սիսիլիոյ նահանգային խորհուրդի նախագահ Ճիովաննի Արտիզոնէի (Giovanni Ardizzone) հետ հանդիպման ժամանակ:

Տեղեկանք. Սիսիլիոյ նահանգային խորհրդարանը աշխարհի հնագոյն խորհրդարաններէն է (հիմնուած է 1097-ին) եւ Իտալիոյ ինքնավար շրջաններու այլ խորհրդարաններու համեմատ ամենալայն լիազօրութիւնները ունի:

Իտալիոյ խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 2000-ին, իսկ Սիսիլիոյ նահանգային խորհուրդը Իտալիոյ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու մակարդակով Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած 105-րդ խորհուրդն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.