2016-04-21 10:46:00

Ս. Աթոռի գնահատումով Իսրայէլ ու Պաղեստին երկու պետութիւններու երազը կրնայ ձախողիլ։


(Ռատիօ Վատիկան) ՄԱԿի մօտ Ս. Աթոռի առաքելական դեսպան` գերապայծառ Աուզայի գնահատումով, Իսրայէլ ու Պաղեստին երկու պետութիւններու երազը կրնայ ձախողիլ։ Խօսք առնելով Նիւ Եորքի ՄԱԿի կեդրոնատեղիին մէջ, ուր ժողովականները կը խորհրդակցէին Միջին Արեւելքի հարցով,Վատիկանի դիւանագէտը վերահաստատեց , որ­ միջազգային հասարակութիւնը պէտք է անսայ  պաղեստինցիներուն ու քրիստոնեայ համայնքներուն կոչին։

''Մինչ` խաղաղութեան ի սպաս երկխօսութիւնը լճացած է, ահաբեկչական արարքները ու միակողմանի որոշումները կարող են վտանգել երկխօսութիւնը'' ըսած է գերապայծառ Աուզա ընդգծելով թէ` ''Ի տես այս կացութեան ֆրանչիսկոս Պապը  իսրայէլեան ու պաղեստինեան իշխանութիւններէն խնդրած է նկատի առնել  խաղաղութեան հարկաւորութիւնը ու արիութեամբ շարունակել երկխօսութեան ու հաշտութեան ճանապարհը։

Վատիկանի դիւանագէտը ապա յայտնած է թէ  Ս. Աթոռը հաստատակամօրէն կը հաւատայ երկու պետութիւններու գոյատեւումին։ Իմ պատուիրակութիւնս, ըսաւ Ան, կը խնդրէ միջազգային հասարակութենէն գործօն ներգործութիւն կատարել, վերջ տալու ծայրայեղութեան ծաւալումին, որ կը սերմանէ ատելութիւն ու վրէժխնդրութիւն եւ սարսափի գաղափարախօսութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.