2016-04-21 11:45:00

''Յիշենք Տիրոջ սքանչելիքները մեր կեանքէն ներս''. Ֆրանչիսկոս Պապ


(Ռատիօ Վատիկան) ''Հաւատքը ուղեւորութիւն մըն է եւ երբ այդ ուղիով կ՛ընթանանք հարկաւոր է յարատեւ յիշել այն ինչ որ պատահեցաւ։ Գեղեցիկ բաները զոր Աստուած իրագործեց մեր ուղեւորութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ խոչընդոտները եւ մերժումները, որովհետեւ Աստուած մեր հետ կը քալէ եւ երբեք չի վրդովիր մեր չարութիւններէն''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզին կեդրոնական նիւթը, զոր արտասանեց հինգշաբթի` 21 Ապրիլ 2016-ի առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին։

''Հարկաւոր է ետ քայլ ընել ու նայիլ թէ ինչպէս Աստուած մեզ փրկեց, սրտով եւ մտքով վերյիշել ու քալել անցեալի ճանապարհին վրայ, հասնելու համար Յիսուսին որ իր կեանքի ամէնէ կարեւոր պահուն – Աւագ հինգշաբթի եւ Աւագ ուրբաթ օրը – մեզի պարգեւեց իր Մարմինը եւ իր Արիւնը ըսելով ''այս ըրէք իմ յիշատակիս համար''։

Յիսուսի այս յիշատակը` յիշատակն է թէ ինչպէս Աստուած  փրկեց մարդը'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  մատնանշելով թէ ''յիշատակելը'' առողջարար է քրիստոնեայի սրտին համար։ Յիշել թէ ինչպէս Տէրը ինծի ընկերացաւ մինչեւ հոս, ձեռքս բռնելով, ու յիշել նաեւ այն անգամները երբ ես Տիրոջ ըսի ''Ոչ, հեռացիր, չեմ ուզեր''։

Այս ընել որպէսզի հասնինք նոր հանդիպումի մը, երախտագիտութեան  հանդիպումին­, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հաստատելով թէ այդ երախտագիտութեան զգացումը սրտէն յառաջ կը բերէ Յիսուսին ուղղուած ''շնորհակալութիւն'' բառը։ Շնորհակալութիւն Յիսուսին որ երբեք չի դադրիր մեր հետ քալելէ, մեր պատմութեան ընթացքին։ Թէեւ` ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, շատ անգամ Անոր երեսին գոցեցինք դռները ու յաճախ այնպէս մը ձեւացուցինք որ զինք չտեսանք, ու չհաւատացինք որ Ինք մեր հետն է։ Քանիցս ապա մերժեցինք անոր փրկութիւնը, եւ սակայն Ան` միշտ այնտեղ էր։ Մեր մօտն էր։

Յիշատակելը մեզ կը մօտեցնէ Աստուծոյ։ Յիշել այն գործերը զոր Աստուած ըրաւ մեզի համար, յարեց Նորին Սրբութիւնը ապա յորդորեց ''յիշել ինչպէս էր իմ կեանքս, ինչպէս էին իմ յարաբերութիւններս Տիրոջ հետ։ Յիշել այդ բոլոր գեղեցիկ եւ վսեմ գործերը զոր Տէրը ըրաւ մեզմէ իւրաքանչիւրիս կեանքին մէջ''։  








All the contents on this site are copyrighted ©.