2016-04-20 11:17:00

Ֆրանչիսկոս Պապի կոչը աջակցելու Ուքրանիոյ ի նպաստ դրամահաւաքին


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի,  20 ապրիլ 2016-ին՝ առաւօտուն, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ շնորհած հրապարակային աւանդական ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ կոչ ուղղեց աջակցելու Ուքրանիոյ՝ Իր կողմէ ծրագրուած դրամահաւաքին։ 

Կոչին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ

՝՝Ուքրանիոյ ժողովուրդը վաղուց կը տառապի զինեալ հակամարտութեան հետեւանքով՝ որ շատերէն մոռցուած է։

Ինչպէս գիտէք,  Եւրոպայի եկեղեցին հրաւիրեցի  թիկունք կանգնելու իմ կողմէս ծրագրուած դրամահաւաքին,  օգնութեան հասնելու համար սոյն  մարդկայնական տագնապին։

Կանխաւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց որոնք  առատաձեռն կերպով պիտի սատարեն յառաջիկայ` կիրակի  24 ապրիլի տեղի ունեցող ձեռնարկին։








All the contents on this site are copyrighted ©.