2016-04-20 11:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Աւստրիացի մարզիկներուն ''Ձեր օրինակով նպաստեցէք ընկերութեան կազմաւորման''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 20 ապրիլ 2016-ին՝ առաւօտուն, Ֆրանչիսկոս Պապ նախ քան Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կատարելիք հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ հանիպում ունեցաւ Աւստրիոյ ''Սքի''ի դաշնակցութեան մարզիկներուն հետ։

Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ անոնց ուղղած հակիրճ պատգամին մէջ իր ուրախութիւնը յայտնեց անոնց`  իրենց հետ հանդիպելուն համար եւ յայտնեց թէ  ինք մտաբերելով Աւստրիան՝ իր շքեղ լեռներով կը յիշէ նաեւ ձմեռնային եղանակի մարզանքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յարեց  ''Դուք տիպար էք յատկապէս շատ մը երիտասարդներուն,  Դուք նաեւ համարկումի պատկերն էք, ոչ միայն մարզական կարողականութեան  համար , այլ  մարզանքի առաքինութիւններուն ու անոր  արժանիքներուն բերումով՝ յանձնառութիւն, յարատեւութիւն, աջակցութիւն, պարկեշտութիւն եւ խմբային հոգի։

Ձեր օրինակով  նպաստեցէք ընկերութեան կազմաւորման։ Եղէք միշտ պատգամաւորները,  մարզանքի եւ հիւրնկալութեան միաւորող ուժականութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ`  խօսքը  աւարտեց անդրադառնալով Աւստրիոյ գեղեցիկ բնութեան եւ ըսաւ ՝՝Եղէք պատգամաւորները կենսոլորտի  բնապահպանութեան եւ Աստուծոյ ստեծագործութեան  շքեղութեան՝՝ ապա  մարզիկներուն շնորհեց իր Առաքելական օրհնութիւնները։

  








All the contents on this site are copyrighted ©.