2016-04-20 12:10:00

Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստը։


(Ռատիօ Վատիկան) 18 եւ 19 Ապրիլ 2016-ին, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարութեան ԺԴ խորհուրդի անդրանիկ նիստը` Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ։  

Նիստի սկիզբը խօսք առաւ Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարը, կարդինալ Լորենցօ Պալտիսերրի,  որ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին, Անոր` ժողովին ներկայ գտնուելուն համար ինչպէս նաեւ հրատարակած ''Ամորիս Լեթիցիա'' առաքելական յորդորագիրին համար։

Ապա տեղի ունեցան քննարկումներ որոշելու յաջորդ սիւնհոդոսներու նիւթերը որոնք Ֆրանչիսկոս Պապին ուշադրութեան յանձնուեցան եւ որոնց հիման վրայ Քահանայապետը պիտի որոշէ յաջորդ նիւթը։

Խորհուրդի անդամները ապա բանակցեցան '''եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի'' կանոնագիրքի վերատեսութեան շուրջ։

Ժողովի աւարտին Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովականներուն ու անոնց սատարին ու յատկապէս եղբայրական հաղորդութեան համար որ ապրուած է ժողովի ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.