2016-04-20 11:01:00

''Մեղաւորին արցունքները ներում կ՛ընդունին'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 20 ապրիլ 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն, որոնց շարքին էին նաեւ Հայաստանէն ժամանած, Ֆրանչիսկոս Պապին` յառաջիկայ 24-26 Յունիսի Հայաստան ճամբորդութիւնը կազմակերպող յանձնախումբի անդամները։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս­, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, այսօր  կ՛ուզենք կեդրոնանալ ողորմութեան մէկ երեւոյթի վրայ, որ ներկայ է Ղուկասի Աւետարանին մէջ (Գլ 7, 37-38.44.47-48) ուր կը պատմուի Յիսուսի մասին որ Փարիսեցի Սիմէոնի ճաշի հիւրը կը հանդիսանայ, եւ մինչ այնտեղ կը գտնուի քաղաքի մեղաւոր կին մը` այնտեղ կը փութայ իր հետ տանելով ալապաստրէ սրուակ մը, լեցուն անոյշ իւղերով։ Լալագին կը կենայ Յիսուսի ետեւը, ոտքերուն քով, ու կը սկսի զանոնք թրջել իր արցունքներով, ու սրբել իր մազերով եւ համբուրել զանոնք եւ օծել անոյշ իւղով։

Ասիկա տեսնելով Փարիսեցին ինքնիրեն կը մտածեր ''եթէ այս մարդը մարգարէ ըլլար` պիտի գիտնար թէ ո՛վ է այս կինը, որ իրեն կը դպչի, քանի որ մեղաւոր կին մըն է''։

Այս աւետարանական հատուածէն ի յայտ կու գայ համամետութիւն մը` երկու պատկերներու միջեւ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, Սիմէոնը` որ օրէնքի նախանձախնդիր ծառայ է եւ այդ անանուն մեղաւոր տիկինը։ Մինչ առաջինը կը դատէ երեւոյթի համաձայն­, երկրորդը կ՛արտայայտէ իր սրտի զգացումները։

Յիսուս երկուքի միջեւ կ՛ընտրէ մեղաւոր կինը,  առ աւելին Յիսուս հակառակ այդ կնոջ ազգակիցներու մտածումին, որոնք զայն կը դատապարտէին իր մեղաւոր ըլլալուն համար, անոր կ՛ըսէ ''Մեղքերդ ներուած են քեզի...Հաւատքդ քեզ փրկեց գնա խաղաղութեամբ''։

Այս խօսքերուն վրայ հրաւիրեալները աւելիով կը զարմանան ու հարց կու տան ''Ո՞վ է ասիկա որ նոյնիսկ մեղքերը կը ներէ''։ Յիսուս յստակ պատասխան մը չի տար անոնց այլ ցոյց կու տայ մեղաւոր կնոջ դարձը` որ բոլորին աչքերուն առջեւ էր­, ու կը բացայայտէ Աստուծոյ ողորմութեան զօրութիւնը` որ կարող է սրտեր փոխակերպել։

Մեղաւոր կինը, ըսաւ Քահանայապետը, մեզի կը յայտնէ կապը որ կայ ընդմէջ հաւատքի, սիրոյ եւ երախտագիտութեան։ Անոր ներուեցան բազմաթիւ մեղքերը, որովհետեւ շատ սիրեց։ ''Որուն շատ ներուի շատ կը սիրէ'' ըսաւ Յիսուս, եւ Աստուած մեզ ընկալած է իր ողորմութեան խորհուրդին մէջ, ու այդ սիրոյն ընդմէջէն որ մեր առջեւէն կ՛ընթանայ, մենք ամէնքս կը սորվինք սիրել։

Աստուծոյ ողորմութիւնը մեր սպասումներէն աւելի անդին կ՛երթայ, որովհետեւ ան կ՛իրականացնէ Աստուծոյ Փրկութեան ծրագիրը որ վերապահուած է մեզմէ իւրաքանչիւրիս։ Այդ սէրէն է որ մեզմէ ամէն մին` կարող է սնանիլ, այնպէս որ այն սիրոյն ընդմէջէն զոր մենք մեր կարգին կը վերապահենք  մեր եղբայրներուն, մեր ընտանիքներուն ու մեր հասարակութեան ի յայտ կու գայ Տիրոջ ողորմութիւնը­, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ­, եզրափակելով իր խորհրդածութիւնը ապա զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները, յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն։

Վաղը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, տօնն է Աօսթայի Սուրբ Անսելմոսի` եպիսկոպոս եւ Եկեղեցւոյ վարդապետ. Անոր կեանքի օրինակը ձեզ բոլորդ մղէ, սիրելի երիտասարդներ, Յիսուսի ողորմութեան մէջ տեսնելու կեանքի իսկական վարդապետը, Սուրբ Անսելմոսի բարեխօսութիւնը ձեզի համար ընդունի, սիրելի հիւանդներ, անդորրութիւնն ու խաղաղութիւնը որոնք ներկայ են Խաչի խորհուրդին մէջ, ու անոր վարդապետութիւնը ըլլայ քաջալերանք ձեզի` սիրելի նորապսակներ, ըլլալու ձեր զաւակներուն համար, սրտի իմաստութեամբ` բարի դաստիարակներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.