2016-04-20 09:55:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Աստուած քեզ կը մանէ

Դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու մէջ դիմացկուն ըլլալը եւ տոկունութիւն ցուցաբերելը բոլոր ժամանակներուն ալ բարոյական բարձր արժանիք համարուած է: Ամէ՛ն մարդ կը սիրէ ապրիլ խաղաղ պայմաններու մէջ. ամէ՛ն մարդ կը ցանկայ ունենալ անվտանգ ու հանգիստ կեանք: Այս բոլորէն վեր, շատեր կը փափաքին բարեկեցիկէն աւելի՝ շքեղ կեանքով ապրիլ՝ ու այդ մասին կ՛երազեն: Ասոնք նոյնիսկ կը վազեն այդ պայմանները իրենց համար ստեղծելու հնարաւորութիւն ունեցող երկիրներ, ուր կրնան իրենց երազին իրականացումը գտնել եւ իրենց այդ խորունկ ցանկութեան ի վերջոյ յագուրդ տալ:

Կեանքը, սակայն, միշտ անակնկալներ ունի վերապահած մեզի համար: Մեր չսպասած պահուն, յանկարծ ամբողջութեամբ կը տապալի նախապէս մեր կազմած ծրագիրը, որուն իրականացման համար այնքան աշխատանք տարած էինք ու վստահ էինք անոր յաջողութեան:

Հին ասացուածքը դարձեալ կը վերարժեւորուի՝ «Խորհուրդ մարդկանց, կամք Աստուծոյ»:

Մենք հազարումէկ խորհուրդներ, մտածումներ, ծրագիրներ կրնանք ունենալ մեր ապագային առնչուող, սակայն ապագան միշտ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ կը գտնուի: Իր նախասահմանեալ գիտութեամբ Աստուած արդէն գիտէ, թէ ի՞նչ պիտի պատահի մեր կեանքին ընթացքին կամ ի՞նչ մահով հրաժեշտ պիտի առնենք այս աշխարհէն:

Իրենց կեանքի բարգաւաճ օրերուն, շատեր կը մտածեն ծերութեան մասին եւ այդ ուղղութեամբ նիւթական ապահովութիւններ կը կուտակեն դրամատուներու մէջ, իրենց ապագային համար: Ցարդ շատեր իրենց այդ հեռատես քաղաքականութենէն օգուտ քաղած են, ո՛չ իրենց զաւակներուն կարիքն ունենալով եւ ոչ ալ իրենց ծերութեան օրերուն խեղճ ու անտէր մնալով: Եւ անոնցմէ շատեր ալ ժամանակէն առաջ հրաժեշտ տուած են այս աշխարհի արեւին ու անցած միւս աշխարհը:

Մարդկային կեանքը մեքենական չէ՛, նախապէս լարուած չէ՛ մեքենայի մը նման իր ծրագիրը իրագործելու: Այլ՝ մեր կեանքը դէպքերու շարայար ընթացք մըն է, որ երբեմն անակնկալներու կը հանդիպի: Անիկա յամրաքայլ կ՛ընթանայ, նման կանանց ձեռքին մէջ աճող հիւսուածեղէնին, որ ի վերջոյ իր աւարտին կը հասնի: Երբեմն անիկա մեր ուզած ձեւը չստանար: Այնպէս, ինչպէս այդ հիւսուածեղէնը երբեմն մեր վրայ նեղ կամ լայն կ՛ըլլայ, այդպէս ալ կեանքը իր նեղ՝ դժուարին, եւ լայն՝ հանգիստ, պահերը կը դնէ մեր դիմաց: Իսկ երբեմն կը պատահի անսպասելին, երբ հիւսուածեղէնը զայն աշխատող ձեռքին սխալ շարժումով, յանկարծ ամբողջութեամբ կը քակուի, աշխատանքը նախկին երկար թելին վերածելով… Մեր կեանքն ալ մահով կը քակուի եւ դարձեալ սովորական թելի կը վերածուի օր մը: Իւրաքանչիւր հիւսուածեղէն թելերով կը հիւսուի ու իր նպատակին կը հասնի, ինչպէս կեանք մը՝ դէպքերու ագուցումով ու իրագործումներու գումարումներով իր վախճանակէտը կը գտնէ ու կ՛աւարտի: Թելերը մինչեւ հիւսուածեղէնի համար գործածութեան պատրաստ ըլլալը, բամպակային հում վիճակէն կը մանուին, կ՛ազնուացուին եւ կը տրամադրուին հիւսողին: Աստուած մեր կեանքին հում բամպակը մանող Վարպետն է: Ան մեր ջինջ ու սպիտակաթոյր բամպակեայ կեանքը մեզի պարգեւելէ ետք, կ՛առնէ Իր ձեռքերուն մէջ եւ փորձութիւններու միջոցաւ կը մանէ, կը բարակցնէ ու կը պատրաստէ հիւսքի:

Փորձութիւններու եւ նեղութիւններու բովէն անցումի անպատրաստ եւ որեւէ դժուարութեան հետ հաշտուելու դժկամակութիւն ցուցաբերող մարդ էակը շուտով  յուսահատութեան գիրկը կը նետուի: Տեսնելով իր «թելին» շատ բարակնալը, այսինքն իր կեանքին սպառնացող վտանգները, կ՛այպանէ զԱստուած, ըսելով թէ ինչո՞ւ այդքան բարակցուցիր կեանքիս թելը, որ կրնայ որեւէ պահու փրթիլ: Սակայն, Աստուած վարպետ ջուլհակ է. անոր մանած թելը բնաւ չի՛ փրթիր.ան գիտէ, թէ որքան բարակցնէ այդ թելը, այնքան կ՛ազնուացնէ հիւսուածեղէնը. ու զայն ազնիւ ու բարի կեանքի մը հումքը կը դարձնէ…

Վստահութիւնը երբեմն կը պակսի մեր սիրտերուն մէջ, հանդէպ այս վարպետ «Ջուլհակին»՝ Աստուծոյ: Մի մտահոգուիր բամպակի պաշարդ Անոր յանձնելու պահուն: Չե՞ս լսած այն իմաստուն խօսքը, թէ իւրաքանչիւր նիւթ, անոր մասնագէտին պիտի տաս, լաւ արդիւնք ստանալու համար: Այդ տեսակի ասացուածքներէն է՝ «Ալիւրը տուր փռապանին, եթէ նոյնիսկ կէսը ուտէ ան»:

Աստուած մեր կեանքը տնօրինելու մասնագիտութիւնը ունի: Չկա՛յ աւելի լաւ իմացող մարդկային կեանքի մանրամասնութիւններէն, քան՝ Արարիչը, որ զանիկա ստեղծեր է: Ուրեմն, ամբողջական վստահութեամբ պէտք է յանձնես հում նիւթդ՝ «կեանքդ» Աստուծոյ ու Ան լաւագոյնս պիտի մանէ զանիկա, մետաքսեայ դերձանի ազնուութիւնը եւ տոկունութիւնը պարգեւելով անոր:

Աստուծոյ մանածը ոսկեայ թելի արժէք ունի, որով հիւսուած զգեստեղէնները դարերու դիմանալէ բացի, այսօր թանգարաններու մէջ այցելուներու հիացումին առարկայ են: Ան կը մանէ քեզ շատ բարակ, բայց չի՛ թողուր, որ փրթի թելդ, այլ հրաշալի «հիւսուածեղէնդ»՝ աստուածահաճոյ կեանքդ, կ՛արձանագրէ մարդկային ընկերութեան պատուոյ ցուցակին մէջ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.