2016-04-20 09:49:00

270 Կրօնապետերու կոչը Փարիզի Կլիմայի համաձայնագրին վաւերացումին ի սպաս։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 22 Ապրիլին` ՄԱԿ-ի Նիւ-Եորք կեդրոնին մէջ նախատեսուած է` կլիմայի ու բնապահպանումին Փարիզի համաձայնագրի ստորագրութեան արարողութիւնը։ Այս առթիւ 270 կրօնապետեր կոչ ուղղած են որպէսզի ազգերու պետական իշխանութիւնները շուտափոյթ վաւերացնեն Փարիզի համաձայնագիրը, որ ի մէջ այլոց կը նախատեսէ երկրագունդի ջերմութեան սահմանափակումը։ Այդ համաձայնագիրը ի զօրու պիտի ըլլայ եթէ 55 երիրներ ստորագրեն զայն։

Կրօնապետերու կոչին մէջ կը կարդանք.  ''մեզմէ ամէն մէկը պատասխանատու է ազդու օրէն գործելու բնապահպանութեան ի խնդիր։ Բնապահպանութեան մարտահրաւէրը մեզմէ իւրաքանչիւրէն կը խնդրէ քաջութիւն ու պարկեշտութիւն եւ այս մէկը կը խնդրուի մասնաւորապէս անոնցմէ` որոնք ստանձնած են ժողովուրդներու կառավարման պատասխանատուութիւնը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.