2016-04-19 14:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապի լսատեսողական պատգամը Ասթալլի կեդրոնին հիմնադրութեան 35-րդ ամեակին առթիւ


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 19 ապրիլ 2016-ին՝ առաւօտեան ժամը 11.00-ին,  Հռոմի ՝՝Արժենթինա՝՝ անուան դատերասրահին մէջ  Յիսուսեան միաբանութեան պատկան գաղթականներուն  ՝՝Ասթալլի՝՝  անուան կեդրոնը, ներկայացուց    իր  2015 տարեշրջանի քաղաքական ապաստանութեան  խնդրագիր ներկայացնող եւ գաղթականներու իրավիճակի  ներկայ կացութեան հայող տեղեկագիրը։

Տեղեկագիրի ներկայացման ընթացքին, ցուցադրուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը  որուն մէջ Ան շնորհաւորեց եւ  բարձր գնահատեց  կեդրոնի գործունէութիւնը՝ որուն առաջնահերթութիւն եղած է ըսաւ Ան ՝՝ ՝ միասնաբար ընթանալ՝ որպէս փոքրիկ ժողովուրդ՝՝։

Ֆրանչիսկոս Պապ  քաջալերեց կեդրոնի անդամները  նոյն քաջութեամբ ընթանալու   մէջբերելով Մատթէոս Աւետարանիչէն  ՝՝պանդուխտ էի եւ դուք ընդունեցաք զիս՝՝ խօսքը (Մատթ 25.35) Եւ աւելցուց  ՝՝Ձեզմէ Իւրաքանչիւրը,  որ կը բախէ մեր դռները, ունի Աստուծոյ դէմքը, ան Քրիստոսի մարմինն է։ Ձեր ցաւի եւ յոյսի  փորձառութիւնը մեզի յիշել կու տայ՝ թէ բոլորս այս երկրի մէջ , օտարականներ եւ ուխտաւորներ ենք՝ վեհանձնութեամբ ընկալուած անձի մը կողմէ։ Այն որ ձեզի նման  փախուստ տուած է իր երկրէն՝  հակամարտութեան  բռնաճնշումի, անապատացումի, ապականածնութեան եւ  կամ  ալ  երկրագունդի բարիքներու  անարդար բաշխումի հետեւանքով, ան՝ մեր եղբայրն է,  որուն հետ պէտք է բաժնեկցիլ  հացը , բնակարանն ու կեանքը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ նշելով թէ  ՝՝Շատ անգամ ձեզ չենք  հիւրընկալած ՝՝ ու ներողութիւն հայցեց  ընկերութեան փակ  եւ  անտարբեր  կեցուածքին համար, որ յառաջացած է այն վախէն որ գաղթականներուն ներկայութիւնը կարող է կեանքի եւ մտածելակերպի փոփոխութիւն յառաջացնել։  Ձեր հետ կը վարուինք  որպէս ծանրութիւն, որպէս հարց , ծախս՝ մինչ դուք  պարգեւ մըն էք ՝՝ հաստատեց Սրբազան Հարը ու աւելցուց ՝՝ Դուք վկայութիւնն էք թէ ինչպէս մեր Ողորմած եւ բարեսիրտ Աստուածը, կարող է չարն ու անարդարութիւնը  փոխակերպել բոլորին համար բարիքի։ Որովհետեւ ձեզմէ  իւրաքանչիւրը, կրնայ կամուրջ հանդիսանալ հեռաւոր ժողովուրդներու միջեւ միացումի եւ  կարելի կը դարձնէ մշակոյթներու եւ զանազան կրօններու միջեւ հանդիպումը՝ որ  ուղին է յայտնաբերելու՝ մեր հասարակաց մարդկայնութիւնը։

…պանդուխտ էի եւ զիս հիւրընկալեցիք՝՝ Այո, ըսաւ Ֆրանչիսկոս պապ Ասթալլի կեդրոնատեղին , շօշափելի  եւ առօրեայի  տիպար է այն հիւրընկալութեան զոր ծնունդ առած էր Հայր Արուփէյի մարգարէական տեսութենէն։

Շնորհակալ եմ ձեզի՝ այրեր ու կիներ, աշխարհականներ  ու կղերականներ, կամաւորներ ու գործիչներ, որովհետեւ՝ դուք գործով ցոյց տուիք՝ որ եթէ միասնաբար ընթանանք՝  ուղեւորութիւնը նուազ վախ կ՝ազդէ։

Ձեզ կը քաջալերեմ յարատեւելու։  35 տարիները՝ լոկ սկիզբն է  այն ուղեւորութեան որ առ աւելիով անհրաժեշտ կը դառնայ,  եւ որ է միակ ուղին  համերաշխ համակեցութեան ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով Ասթալլի  կեդրոնատեղին օգնելու հասարակութիւնները անսալու համար գաղթականներուն ձայնին։

Քաջութեամբ  շարունակեցէք  քալել անոնց հետ, զանոնք առաջնորդեցէք.  որովհետեւ գաղթականները լաւ կը ճանչնան  դէպի խաղաղութիւն տանող ճանապարհները որովհետեւ կը ճանչնան նաեւ  պատերազմի գարշելի հոտը յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր պատգամը։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.