2016-04-19 13:49:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Բաց սիրտ մը կարող է ընդունիլ Սուրբ Հոգւոյն նորութիւնները''։


(Ռատիօ Վատիկան) Հրաշքներ, արտակարգ իրականութիւններ, խօսքեր որոնք երբեք լսելի չէին եղած, բայց եւ այնպէս միշտ նոյն հարցումը` ''Դու՞ն ես Քրիստոսը''։

Այս բառերով է որ Ֆրանչիսկոս Պապ սկիզբ տուաւ իր քարոզին զոր արտասանեց երեքշաբթի`19 ապրիլի  առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը։

Այդ հարցումը հարցադրողները կոյր սիրտ մը ունին։ Հաւատքի կուրութիւն մը որ Յիսուս կը բացայայտէ ըսելով ''դուք չէք հաւատար որովհետեւ մաս չէք կազմեր հօտիս''։ Աստուծոյ հօտին մաս կազմելը շնորհք մըն է, սակայն հարկաւոր է ունենալ բաց սիրտ մը։

''Իմ ոչխարներս մտիկ կ՛ընեն ձայնիս, ես կը ճանչնամ զանոնք ու անոնք ինծի կը հետեւին։ Եւ անոնց պիտի տամ յաւիտենական կեանքը, եւ ոչ ոք զանոնք ինձմէ կը խլէ''։

''Այդ ոչխարները տրուած են Յիսուսին իր Հօրմէ, Ան է որ սրտերը կը հրապուրէ եւ զանոնք կը մղէ դէպի Յիսուս''  ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եւ ակնարկելով փարիսեցիներուն ու դպիրներուն որոնք կը մերժեն Յիսուսին մէջ տեսնել Մեսիան, հաստատեց` անոնք որբեր են որովհետեւ մերժեցին իրենց Հայրը։ Ան ապա մատնանշեց  հեթանոսներուն որոնք ընդունեցան Աստուծոյ խօսքը ու դարձի եկան ապա հրաւիրեց խոնարհ աղօթք մը բարձրացնել առ Աստուած ըսելով ''Հայր զիս մղէ դէպի Յիսուսը։ Հայր զիս ճանչցուր Յիսուսին'', եւ Հայրը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, մեզի պիտի ղրկէ Սուրբ Հոգին որպէսզի բանայ մեր սրտերը դէպի Յիսուս։

Քրիստոնեայ մը որ թոյլ չի տար որ Հայրը հրապուրէ զինք ու մղէ դէպի Յիսուս որբ իրավիճակի մէջ  ապրող քրիստոնեայ մըն է, յարեց Նորին Սրբութիւնը ու եզրափակեց ''մենք Հայր մը ունինք, մենք որբ չենք''։








All the contents on this site are copyrighted ©.