2016-04-19 09:40:00

Պրազիլի խորհրդարանի ստորին պալատը աջակցեցաւ երկրի նախագահին պաշտօնազրկումին


ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պրազիլի խորհրդարանի ստորին պալատը աջակցած է երկրի նախագահ Տիլմա Ռուսեֆի պաշտօնազրկումին:

Նշեալ նախաձեռնութեան կողմնակիցները կրցած են ապահովել երեսփոխաններու երկու երրորդի աջակցութիւնը, որ անհրաժեշտ է այդ որոշումին որդեգրման համար:

Այժմ պետութեան ղեկավարի պաշտօնանկութեան հարցը առ ի քննարկում պիտի ներկայացուի Ծերակոյտին` խորհրդարանի վերին պալատին: Եթէ ծերակուտականներու 50 առ հարիւրէն աւելին հաւանութիւն տայ Ռուսեֆի նկատմամբ պաշտօնանկութեան հոլովոյթ սկսելուն, ան պաշտօնը պիտի ձգէ 180 օրով, որուն ընթացքին խորհրդարանականները պիտի քննեն անոր գործը: Այդ շրջանին երկիրը պիտի գլխաւորէ փոխնախագահ Միշել Թեմերը: Եթէ ծերակուտականները համաձայն չըլլան նախագահի պաշտօնազրկումին նախաձեռնողներու փաստարկներուն, ան պիտի վերադառնայ իր պարտականութիւններու կատարման: Հակառակ պարագային, Թեմերը պետութեան ղեկավարի պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մինչեւ 2018-ի ընտրութիւնները:

Խորհրդարանի ստորին պալատին մէջ քուէարկութիւնը ընթացած է Ռուսեֆի թէ՛ կողմնակիցներու, թէ՛ ալ հակառակորդներու բազմահազարանոց ցոյցերուն զուգահեռ: Ցոյցերը տեղի ունեցած են երկրին գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.