2016-04-18 15:15:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Կեդրոնական Ափրիկէի նախագահը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 18 Ապրիլ 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց` Կեդրոնական Ափրիկէի նախագահը` Տիար Ֆաուսթին Արշանժ Թուատերա, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, անդրադարձ կատարուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին, վերապահուած ջերմ ընդունելութեան` անցեալ նոյեմբերին, Պանկի կատարած առաքելական ճամբորդութեան առթիւ եւ ընդգծուեցաւ թէ ինչպէս այդ այցելութիւնը դրական ազդեցութիւն ունեցաւ երկրին վրայ, թէեւ վերջին շրջանի հակամարտութիւններու հետեւանքները, տակաւին զգալի են։ 

Զրոյցներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ապա Սուրբ Աթոռի եւ Կեդրոնական Ափրիկէի միջեւ կայացած բարի յարաբերութիւններուն, արտայայտելով թէ անոնք կարող են` հետագային, միջազգային իրաւունքի շրջագիծէն ներս, աւելիով ամրապնդուիլ։

Գնահատուեցաւ հուսկ Եկեղեցւոյ եւ անոր հովիւներուն սատարը ընկերութեան` յատկապէս դաստիարակչական ու առողջապահական մարզերէն ներս, ազգային վերակառուցումին ու հաշտութեան հեռանկարով։








All the contents on this site are copyrighted ©.