2016-04-18 14:50:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. Աղօթենք Էքուատորը եւ Ճափոնը հարուածող երկրաշարժի զոհերուն համար։


(Ռատիօ Վատիկան)  Երկուշաբթի` 18 ապրիլ 2016-ին, Քահանայապետական թուիթերեան կայքի վրայ հրատարակուեցաւ թուիթ մը, որուն մէջ Սրբազան Հայրը հաւատացեալներէն խնդրեց աղօթել` Էքուատորը եւ Ճափոնը հարուածող երկրաշարժի զոհերուն համար, մաղթելով որ անոնց ապահովուի թիկունք եւ օգնութիւն։

''Աղօթենք Էքուատորի եւ Ճափոնի ժողովուրդներուն համար որոնք զոհ դարձան ահեղ երկրաշարժներու։ Աստուծոյ ու մեր եղբայրներուն օգնութիւնը անոնց տայ ուժ եւ թիկունք''  գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ








All the contents on this site are copyrighted ©.