2016-04-18 10:27:00

Քաղդէացի կղերական դասի ընդհանուր ժողովը։


(Ռատիօ Վատիկան) Քաղդէացիներու` գերերջանիկ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ պատրիարքի նախաձեռնութեամբ` 20-22 Յունիս 2016ին, Իրաքի մէջ տեղի պիտի ունենայ Քաղդէացի եկեղեցւոյ կղերին առաջին համահաւաքը որուն ընթացքին ժողովականները միասնաբար պիտի խորհրդածեն հոգեւորութեան, աստուածաբանութեան ու քահանայական կոչումին մասին։

Ժողովը պիտի գումարուի Իրաքի` Անքաուա քաղաքին մէջ։ Ժողովականները պիտի խորացնեն երեք նիւթեր ներառեալ քահանայութիւնը` ֆրանչիսկոս Պապին ակնարկով։ Գլխաւոր նիւթերն են. Կղերին մնայուն կազմաւորումը եւ կղերին հոգեւոր ու հովուական աճումը։

Այս առթիւ քահանաներուն ուղղած նամակ հրաւիրէին մէջ, գերերջանիկ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ պատրիարքը անոնց  կը յիշեցնէ որ քահանայական կարգը առաքելութիւն մըն է եւ ոչ թէ արհեստ։








All the contents on this site are copyrighted ©.