2016-04-18 09:51:00

Սուրիոյ Խորհրդարանին մաս կազմեցին երկու հայ երեսփոխաններ


Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու դատական բարձրագոյն յանձնախումբը հրապարակեց խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքով ընտրուած 250 երեսփոխաններուն անունները։ Ընտրութեան մասնակցած են քուէարկութեան իրաւունք ունեցող Սուրիոյ բնակչութեան 57.56 առ հարիւրը։ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան ընտրուեցան երկու սուրիահայեր՝ ազգի թեկնածու Ժիրայր Րէիսեան եւ դոկտ. Նորա Արիսեան։

Այս մասին կը յայտնէ Գաձասարի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկյան:








All the contents on this site are copyrighted ©.