2016-04-18 11:49:00

Մահաբեր երկրաշարժ մը հարուածեց Էքուատորը։


(Ռատիօ Վատիկան) ֆրանչիսկոս Պապը ի լուր Էքուատորի  մէջ պատահած մահաբեր երկրաշարժին իր մօտիկութիւնը յայտնեց Էքուատորի ժողովուրդին, իր ցաւակցութիւնը փոխանցելով երկրաշարժի զոհերուն ու իր աղօթքը բարձրացնելով Ողորմութեան Աստուծոյ։

Երկրաշարժը (7,8 աստիճան) հարուածեց երկրի 6 մարզեր, որուն հետեւանքով զոհերու թիւը ցայժմ հասած է 272-ի, իսկ վիրաւորներունը` շուրջ 3000։

Երկրին նախագահը Ռաֆայէլ Գորէա, որ  վերջին օրերուն  այցելութիւն կատարած էր Վատիկան, որակած է եղելութիւնը որպէս ահաւոր ողբերգութիւն մը։

''Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ  տուներէն դուրս են'' յայտնած է Գոմպոնեան հայր Կոնզալէս Ռաֆայէլ։

Բանակէն 10 հազար ոստիկաններ օգնութեան հասած են հրաւիրելով բնակիչները հանդարտութեան ու անդորրութեան։

Հայր Կոնզալէն դիտել տուաւ որ Էքուատորի ժողովուրդը միշտ եղած է զօրավիգ եւ ուրիշին օգնութեան հասնող, այս ոգին յոյժ կարեւոր է այս պահուս։ Պետութիւնը իր կարգին կը սպասէ միջազգային շտապ օգնութեան։

Հայր Կոնզալէս շնորհակալութիւն յայտնած է հուսկ ֆրանչիսկոս Պապին, որ կիրակի օրը` Ուրախ Լեր  աղօթքին ընթացքին յիշեց Էքուատորը, ինչպէս նաեւ Ճափոնը, որ իր կարգին մի քանի օր առաջ, զոհ եղած է այլ երկրաշարժի մը։ Ամէնքս մեր աղօթքը կը բարձրացնենք Ողորմութեան Աստուծոյ, մասնաւորապէս  բոլոր անոնց որոնք իրենց տունը կորսնցուցին ու մտահոգութեան մէջ կ՛ապրին ըսաւ Հայր Կոնզալէս։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.