2016-04-18 10:08:00

Դանիոյ գաղթականութեան ծառայութեան պատուիրակութիւնը այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն։


Ապրիլ 14-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Դանիոյ Թագաւորութեան գաղթականութեան  ծառայութեան վարչութեան պետի տեղակալ Էլզէ Օլկարտի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին աւագ խորհրդատու Հենրիէթ Վիթչէնը  եւ երկրի աւագ խորհրդական Գենէթ Մոլլերը:

Հանդիպման ընթացքին հիւրերը ներկայացուցին Դանիոյ Թագաւորութեան մէջ փախստականներուն եւ ապաստան հայցողներուն վերաբերող տեղեկութիւններ եւ հետաքրքրուեցան Հայաստանի մէջ քաղաքացիութիւն եւ երկքաղաքացիութիւն ստանալու իրաւական հիմքերու, սուրիահայերու կարգավիճակի, արտագաղթի պատճառներուն մասին:

 Հանգամանալի պատասխանելով հիւրերուն հետաքրքրող հարցերուն` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան  կանգ առաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակին վրայ` ընդգծելով, որ եւրոպական բոլոր կառոյցները պարտաւոր են միաւորելու ուժերը եւ ձայն բարձրացնելու նման վայրագութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումներուն դէմ` անով իսկ նպաստելով աշխարհի մէջ  փախստական դառնալու պատճառները վերացնելուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.