2016-04-16 13:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Լեզւոս Կղզիի բնակիչներուն հետ։


Լեզւոս կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ, Բարթողոմէոս Ա եւ Հիերոնիմոս Արքեպիսկոպոսը,  կէսօրուայ եղբայրական ճաշը մի քանի գաղթականներուն հետ  բաժնեկցելէ ետք փոխադրուեցան մօտակայ նաւահանգիստ, ուր տեղի ունեցաւ կղզիի բնակչութեան, եւ կաթողիկէ հասարակութեան հետ հանդիպումը։

Այս առթիւ ներկաներուն արտասանած իր խօսքին մէջ  Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ.

Այդ պահուն երբ Լեզւոս  կղզին դարձաւ նպատակավայրը` խաղաղութիւն ու արժանաւորութիւն փնտռող բազմաթիւ գաղթականներուն, մեծ բաղձանքս եղաւ հոս գալ։ Այսօր գոհաբանութիւնս կը բարձրացնեմ Տիրոջ, որ ինծի այս շնորհքը ըրաւ։ Շնորհակալ եմ հանրապետութեան նախագահ Փաուլոփուլոսին` ինծի, Բարթողոմէոս պատրիարքին ու արքեպիսկոպոս Հիերոնիմոսին ուղղած իր հրաւէրին համար։ 

Կ`ուզեմ իմ հիացումս յայտնել յոյն ժողովուրդին, որ հակառակ իրեն դիմագրաւած ծանր դժուարութիւններուն, գիտցաւ իր սիրտն ու դուռը բանալ։ Բազմաթիւ համեստ մարդիկը`իրենց ունեցածները տրամադրել ու կիսել ամէն բանէ զրկուածներուն հետ։ Աստուած գիտէ վարձահատոյց ընել ձեր այս վեհանձնութիւնը։

Սրբազան Հայրը երախտագիտութիւն յայտնեց ապա այլ ազգերուն, որոնք առաջին պահէն իսկ իրենց տրամադրութիւնը ցոյց տուին հանդէպ բազմաթիւ ակամայ գաղթականներուն։ Այնպէս ինչպէս նաեւ կամաւորներուն եւ ընկերակցութիւններուն,  որոնք առարկայականօրէն կը դրսեւորեն եղբայրական մօտիկութիւն։

Այսօր՝ ըսաւ ապա Քահանայապետը, կ`ուզեմ իմ սրտաճմլիկ կոչս ուղղել` պատասխանատուութեան ու զօրակցութեան, յաչս ողբերգական կացութեան մը։

Բազմաթիւ փախստականներ, որ կը գտնուին այս կղզիին վրայ ու Յունաստանի այլ վայրերուն մէջ, դժուար կացութեան մը մէջ են, անձկութեան ու վախի հոգեվիճակ ունին, ու երբեմն յուսահատ են, նիւթական զրկանքի ու ապագայի անորոշութեան հետեւանքով։

Յունաստանի ու Եւրոպական այլ երկիրներու հաստատութիւններու ու հանրութեան մտահոգութիւնը հասկնալի են ու արդարացի։ Բայց եւ այնպէս  բնաւ մոռնալու չենք որ գաղթականները, նախքան թիւ ըլլալէ, անհատներ են, դէմքեր են, անուններ ու պատմութիւններ են։ Եւրոպան հայրենիքն է մարդկային իրաւունքներու եւ ով որ ոտք կը դնէ եւրոպական հողին վրայ` իրաւունքն ունի փորձարկելու մարդկային իրաւունքները։

Դժբախտաբար ոմանք, որոնց շարքին բազմաթիւ մանուկներ, չկարողացան ոչ իսկ հասնիլ այդ հողին վրայ, ծովու մէջ խեղդամահ ըլլալով. զոհ` տմարդի ճամբորդութիւններու ու ենթակայ հարստահարումի ու դաժան եւ անարգ մարդոց։

Դուք´ Լեզւոսի բնակիչներ, ցոյց տուէք, որ այս հողին վրայ, որ է օրրանը քաղաքակրթութեան, տակաւին սիրտը կը տրոփի մարդկութեամբ մը որ կը ճանչնայ եղբայրն ու քոյրը, մարդկութիւն մը որ կ´ուզէ կերտել կամուրջներ ու կը մերժէ ցանկապատեր բարձրացնելու ցնորքը՝ ինքզինք անվտանգ զգալու համար։ Արդարեւ պատնէշները բաժանում կը ստեղծեն, եւ փոխանակ ժողովուրդներու բարգաւաճումին համար աշխատելու, այդ  բաժանումները  ուշ թէ կանուխ բախումներ յառաջ կը բերեն։

Իրապէս զօրավիգ ըլլալու համար անոր որ պարտաւորուած է իր հայրենիքէն փախչելու, պէտք է աշխատիլ յեղաշրջել դրդապատճառները այդ ողբերգական իրադրութեան. Բաւարար չէ գոհանալ շտապ օգնութիւն մատուցելով, հարկաւոր է սերտել ու զարգացնել հեռատես քաղաքականութիւն մը։ Նախ եւ առաջ պէտք է աշխատիլ խաղաղութեան համար, հոն ուր պատերազմը բերաւ աւեր ու մահ, ու արգելք հանդիսանալ որ այս խլիրդը այլ տեղեր եւս տարածուի։ Այդ կատարելու համար հարկաւոր է հաստատակամօրէն արգելք կենալ զէնքի վաճառքի, ինչպէս նաեւ արգելք հանդիսանալ անոնց որոնք կը հետապնդեն ու կը սերմանեն ատելութիւնն ու բռնութիւնը։

Անխոնջ հետապնդուելու է համագործակցութիւնը պետութիւններու միջեւ ու հարկաւոր է զօրավիգ կանգնիլ միջազգային կազմակերպութիւններուն ու մարդասիրական հաստատութիւններուն։

Այս հեռանկարով կը մաղթեմ որ յաջողութեամբ պսակուի մարդկայնական առաջին համաշխարհային վեհաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ամսոյն  Իսթանպուլի մէջ։

Այս ամէնը կարելի է իրագործել միմիայն միասնաբար գործելով։ Միասին կարելի է ու պէտք է փնտռել վայել լուծումներ գաղթականներու բարդ հարցին։ Այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ է սատարը եկեղեցիներու ու կրօնական հասարակութիւններու։

Իմ ներկայութիւնս հոս` Բարթողոմէոս պատրիարքի ու արքեպիսկոպոս Հիերոնիմոսի հետ, վկայութիւն մըն է մեր կամքին, շարունակելու մեր համագործակցութիւնը, որպէսզի այս դարաշրջանային մարտահրաւէրը դառնայ առիթ` ոչ բախումի այլ քաղաքակրթութեան ու սիրոյ մէջ աճումին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր - ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքի աւարտին, ողբերգութիւններու դիմաց ՝որոնք կը վիրաւորեն մարդկութիւնը, Աստուած անտարբեր չէ, հեռու չէ։ Ան մեր Հայրն է, մեզի կ´օգնէ կերտելու բարին ու մերժելու չարը։ Ոչ միայն մեզի կ´օգնէ, այլ Յիսուսի մէջ, մեզի ցոյց տուաւ խաղաղութեան ճանապարհը։ Յաչս աշխարհի չարին, Ան դարձաւ մեր ծառան, ու իր սիրոյ ծառայութեամբ աշխարհը փրկեց։ Այս է ճշմարիտ զօրութիւնը որ կը ստեղծէ խաղաղութիւնը։ Միմիայն ան որ սիրով կը ծառայէ կը կերտէ խաղաղութիւնը։ Ծառայութեամբ մենք մեզ կը մոռնաք` ուրիշը խնամելու, պաշտպանելու ու պահպանելու համար, գերազանցելով անտարբերութեան մշակոյթը, որ կը մթագնէ միտքն ու սիրտը։

Շնորհակալ եմ ձեզի, որովհետեւ պահապաններն էք մարդկութեան, որովհետեւ կը խնամէք Քրիստոսի մարմինը, որ կը չարչարուի անօթի ու պանդուխտ փոքրիկ եղբօրը մէջ, զոր դուք ընդունեցաք։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.