2016-04-16 10:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապի շնորհաւորական պատգամը Պենետիկտոս վաստակաւոր Պապի ծննդեան տարեդարձին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 16 ապրիլ 2016-ին, Լեզւոս կղզի թռիչքի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապ  շնորհաւորական պատգամ յղեց Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետին, որ այսօր կը նշէ իր ծննդեան 89 ամեակը։  Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը Վաստակաւոր Քահանայապետին յայտնած է իր  եւ Իրեն ընկերացող բոլոր պատուիրակութեան անդամներուն ու լրագրողներուն  լաւագոյն մաղթանքները խնդրելով Տիրոջմէ որ շարունակէ օրհնել Անոր մատուցած թանկագին մօտիկութեան ծառայութիւնը եւ աղօթքը՝ համայն եկեղեցւոյ համար ։

Նշենք թէ Վաստակաւոր Քահանայապետ` Պենետիկոս ԺԶ, ծննդեան իր 89-րդ տարեդարձին առթիւ` 16 ապրիլ 2016-ին, Վատիկանի մէջ նախատեսուած է համերգ մը, կատարողութեամբ` Իտալական Franciacorta նուագախումբին, որ պիտի նուագէ  Wolfgang Amadeus Mozart-էն եւ Joseph Haydn-էն կտորներ։ Տօնախմբութեան ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Պենետիկոս ԺԶ-ի 89 տարեկան վարդապետ եղբայրը։

Նշենք թէ 2010-ին Պենետիկտոս ԺԶ Պապը իրեն ի պատիւ կազմակերպուած համերգին աւարտին, քահանայապետական Քասթել-Կանտոլֆօ ամարանոցին մէջ, յայտնած է՝ որ անսալով Mozart-ը, իր սրտին մէջ կը զգար ներկայութիւնը Երկինքի գեղեցկութեան մէկ շողին։








All the contents on this site are copyrighted ©.