2016-04-16 09:40:00

Լաւրով Եւ Քերրի քննարկած են Իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին այլ հարցերու կողքին քննարկած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ գոյութիւն ունեցող իրավիճակը:

Քերրիի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուած է սուրիական խնդիրին: Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները հաստատած են նպատակամղուածութիւնը Սուրիոյ մէջ զինադուլի պահպանման ուղղութեամբ: Անոնք հակամարտող կողմերուն կոչ ուղղած են չձեռնարկելու զինադուլի դէմ քայլերու, գործելու մարդասիրական իրավիճակի ամրապնդման ծիրին մէջ:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած է նաեւ Տոմպասի տագնապի գօտիին մէջ տիրող իրավիճակը:








All the contents on this site are copyrighted ©.