2016-04-16 09:32:00

Արեւելքի վտանգահար Քրիստոնեաներու համակարգումի մարմին»-ը Լիբանան կ՛այցելէ


Արեւելքի վտանգահար քրիստոնեաներու համակարգումի մարմինը այս շաբաթավերջին Ֆրանսայէն պիտի հասնի Պէյրութ եւ զանազան տեսակցութիւններ ունենայ երկրի քաղաքական, ապահովական եւ հոգեւոր պետերուն հետ: Պատուիրակութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ շուրջ երեսուն անդամ, որոնց մէջ եօթը երեսփոխաններ, Լիբանանէն ետք պիտի մեկնի Իրաք: Այս առիթով նշեալ մարմինի նախագահ Փաթրիք Քարամ յայտնեց, թէ մարմինը պիտի քննէ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու վիճակը, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի քրիստոնեաներու քաղաքական դերը եւ նախագահի ընտրութեան գործընթացի զօրակցութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.