2016-04-16 11:39:00

՝՝Յոյսը մի կորսնցնէք՝՝Ֆրանչիսկսո Պապի Լեզւոս կղզիին մէջ գաղթականներուն ուղղած պատգամը


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 16 ապրիլ 2016-ին, Լեզւոս կղզի կատարած առաքելական հովուական այցելութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը, ընկերակցութեամբ  Յունաստանի վարչապետին, Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքին եւ համայն Յունաստանի Հիերոնիմոս Արքեպիսկոպոսին, կղզիի ''Mòria Refugee Camp” գաղթավայրի մուտքին, ողջունեցին 150 գաղթական անչափահասներ, հուսկ մուտք գործելով կեդրոն, առանձնական հանդիպում ունեցան 250 ապաստանեալներուն հետ։ 

Գաղթավայրին մէջ յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Հիերոնիմոս Բ , Բարթողոմէոս Պատրիարք եւ Ֆրանչիսկոս Պապ որ այս առթիւ յղած պատգամին մէջ ըսաւ։

Կ՝ուզեմ ձեզի ըսել` որ մինակ չէք։ Այս ամիսներու եւ շաբաթներու ընթացքին յոյժ տառապեցաք, աւելի լաւ կեանք մը փնտռելու համար։  Ձեզմէ շատերը ստիպուած եղան  խուսափիլ  հալածանքի եւ պատերազմի  դժուարին կացութենէն, յատկապէս ձեր զաւակներուն եւ փոքրիկներուն համար։

Դուք՝ ձեր ընտանիքներուն համար կատարեցիք անհամար զոհողութիւններ։ Դուք կը ճանչնաք տառապանքը` ձեր ետին թողելու ձեզի սիրելի բոլոր բաները, առ աւելին` առանց գիտնալու` թէ ինչ վերապահած է ձեզի ապագան։

Ձեր մօտ եկայ  ընկերակցութեամբ իմ եղբայրներուս` Բարթողոմէոս Պատրիարքի ու Հիերոնիմոս Արքեպիսկոպոսին, պարզապէս ձեր մօտ գտնուելու եւ ձեր պատմութիւնները ունկնդրելու համար։ Հոս եկանք, աշխարհի ուշադրութեան յանձնելու համար սոյն մարդկային տագնապը  եւ հայցելու անոնցմէ  լուծում մը։ Որպէս հաւատքի մարդիկ, կը բաղձանք  մեր ձայնը  միացնել, բացայայտ կերպով ձեր անունով խօսելու համար։

Յուսանք՝ որ աշխարհը իր  ուշադրութիւնը սեւեռէ  ողբերգական,  կարիքաւոր եւ իսկապէս  յուսալքուած սոյն իրավիճակին վրայ ու պատշաճ պատասխան մը պարգեւէ։

Աստուած,   մարդ էակը ստեղծեց,  որպէսզի մէկ ընտանիք դառնայ, իսկ  երբ՝  մեր եղբայրներէն  կամ քոյրերէն մէկը տառապի,  ամէնքս միասնաբար կը տառապինք։ Բոլորս փորձառութեամբ քաջ գիտենք, թէ  որոշ անձերուն համար,  ինչքան դիւրին է անտեսել ուրիշներուն ցաւերը։ 

Քաջ տեղեակ ենք նաեւ,  որ սոյն տագնապները  կրնան դրսեւորել  մեր  լաւագոյնը։ Եւ այս մէկը նկատեցիք ձեր եւ Յոյն ժողովուրդին մէջ, որոնք վեհանձնաբար համապատասխանեցին ձեր կարիքներուն, հակառակ իրենց դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն։ Այս մէկը նկատեցիք նաեւ, յատկապէս Եւրոպայէն եւ աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած երիտասարդներուն մէջ, որոնք հոս եկան, ձեզի օգնութեան հասնելու համար։

Շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ՝ որ մեր տառապանքներուն մէջ՝ մեզ  երբեք մինակ չի թողուր։ Միշտ օգնութեան հասնող ու մեզի ձեռքը երկարող անձ մը կայ։

Այս է պատգամը զոր կ՝ուզեմ թողուլ ձեզի. մի կորսնցնէք յոյսը։ Ամենէն մեծ պարգեւը որ կրնանք ընծայել մէկը միւսին,  սէրն է, ողորմածութեամբ լի հայեացքն է, քաջալերանքի խօսքը, ինչպէս նաեւ աղօթքը ։

Մենք Քրիստոնեաներս, կը սիրենք պատմել բարի Սամարացիին դէպքը. օտարական մը որ կարիքի մէջ գտնուող  մարդու մը  կը հանդիպի,  անմիջապէս կանգ կ՝առնէ եւ  օգնութեան կը հասնի անոր։  Այս դէպքը  ՝՝Մեզի համար՝  Աստուծոյ ողորմածութեան անդրադարձող առակ մըն է՝ որ կը դպչի  բոլորին։ 

Բարի Սամարացիին դէպքը նաեւ կոչ մըն է՝  ցոյց տալու Աստուծոյ ողորմածութիւնը  կարիքաւոր անձերուն։  Կոչ մըն է, որպէսզի բարի Սամարացիին նման, այս ցամաքամասի բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը  այստեղ ժամանեն` ձեզի  օգնութեան հասնելու, եղբայրական, զօրակցութեան եւ  մարդկային արժանապատուութեան յարգանքի հոգիով,  որ բնորոշած է այս ցամաքամասի երկար պատմութիւնը։

''Սիրելի բարեկամներ, Թող Տէրը ձեզ բոլորդ օրհնէ, յատուկօրէն ձեր մանուկները, երէցները, եւ բոլոր անոնք որոնք կը տառապին  մարմնապէս եւ հոգեպէս'', ըսաւ Սրբազան Պապը ու խօսքը եզրափակեց ըսելով ''ձեզ բոլորդ կ՛ողջագուրեմ ու ձեր ու ձեզի ընկերացողներուն վրայ կը հայցեմ խաղաղութեան եւ զօրութեան Աստուածային շնորհքներ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.