2016-04-15 09:52:00

Լեհաստանը կը տօնախմբէ իր մկրտութեան 1050-րդ տարեդարձը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Անցեալէն ներշնչուիլ ապագայի կերտումին համար'', այս է բնաբանը Լեհաստանի մկրտութեան 1050-րդ տարեդարձի տօնախմբութիւններուն, որոնք տեղի կ´ունենան` 14-16 Ապրիլ, Gniezno և Poznan քաղաքներուն մէջ։ Տօնախմբութիւններուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ քահանայապետական պատուիրակ` կարդինալ Փարոլինը, Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղար,  Լեհաստանի Պետական ու եկեղեցական աւագ իշխանութիւնները, քոյր եկեղեցիներու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ ու այլ քաղաքացիական ընկերութեան անդամներ։

Լեհաստանի եկեղեցւոյ գահերէցը` գերապայծառ Wojciech Polak մաղթեց որ այս տօնախմբութիւնները սատարեն հաւատքի ամրապնդումին։

Տօնախմբութիւնները սկիզբ առին Լեհաստանի եպիսկոպոսական լիանիստ ժողովով։ Ապա տեղի ունեցաւ համամիութենական ծիսական արարողութիւն մը` Ostrow Lednicki կղզիին մէջ, որ կը համարուի այն վայրը ու տեղի ունեցած է դուքս Mieszko-ի մկրտութիւնը։ 966-ի 14 ապրիլը, Աւագ շաբաթ օրը, թուականն է որ կը նշէ Լեհ Պետութեան ծնունդը։

Տօնախմբութիւններու հանդիսաւոր պատարագը տեղի ունեցաւ 14 ապրիլի երեկոյեան`Gniezno աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, քահանայապետական պատուիրակ կարդինալ Փարոլինի նախագահութեամբ։Հուսկ յաջորդ օրերու յայտագիրները կը նախատեսեն պատմական, մշակութային, հովուական, ու կրթական բնոյթ ունեցող ելոյթներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.