2016-04-15 10:24:00

«Ռուսիան շահագրգռուած է Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին լուծումով» ըսաւ Փութին


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, հինգշաբթի, 14 ապրիլին,  Ռուսիոյ քաղաքացիներուն հետ «ուղիղ կապ»-ի ժամանակ հարցումի մը պատասխանելով յայտարարեց, որ իր երկիրը շահագրգռուած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցին լուծումով, սակայն վերջնական որոշումը պէտք է կայացնեն կողմերը:

«(Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը) շատ զգայուն նիւթ է, եւ ինծի կը թուի, որ պէտք է շատ զգուշ մօտենանք այդ նիւթին: Ատիկա վաղեմի խնդիր է, վաղեմի տագնապ է: Անիկա սառեցուած վիճակի մէջ էր: Ցաւօք, տեղի ունեցաւ բռնութեան այդ պոռթկումը, եւ մենք պիտի ընենք ամէն ինչ, որպէսզի լուծենք զայն, գտնենք երկու կողմերուն համար ընդունելի լուծում: Ի հարկէ, այստեղ անհրաժեշտ են Ղարաբաղի վերաբերեալ երկարաժամկէտ լուծումներ: Անոնք կրնան ձեռք բերուիլ բացառապէս, կ՛ուզեմ ընդգծել, քաղաքական միջոցներով: Պէտք է գտնել փոխզիջում: Ինծի կը թուէր, որ մենք քանի մը տարի առաջ մօտեցած էինք այդ փոխզիջումը գտնելուն, սակայն ի յայտ եկաւ, որ ցաւօք, ատիկա այդպէս չէ», ըսաւ Վլատիմիր Փութին:

Ան աւելցուց, որ Ռուսիան պիտի աշխատի միջազգային կառոյցներու ծիրին մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցով գործունէութիւնը երկկողմանի կարգով:

«Ռուսիան, ո՛վ որ ալ ինչ ըսէ, շահագրգռուած է այդ խնդիրի լուծման հարցով, որովհետեւ մենք կ՛ուզենք լիարժէքօրէն աշխատիլ թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ ալ Հայաստանի հետ», յայտնեց Փութին:








All the contents on this site are copyrighted ©.