2016-04-14 09:26:00

Եւրոխորհրդարանը դատապարտեց Մինսկի խմբակի առաջարկները մերժելու Ատրպէյճանի կեցուածքը


ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ.- Ապրիլ 12ին կայացած Եւրոխորհրդարանի լիագումար նիստը քննեց Արցախի վերջին իրադարձութիւնները։

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի բացման խօսքով սկսաւ քննարկումը՝ շեշտելով, որ ներկայ իրավիճակը լուծում պիտի չբերէ Արցախի տագնապին եւ կոչ ընելով հակամարտութեան կողմերուն, որ բանակցութեանց ճամբով հասնին տագնապի խաղաղ լուծումին։ Ան կրկնեց, թէ Եւրոպական Միութիւնը նեցուկ կը կանգնի ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի միջնորդական ջանքերուն։

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր կարգին ողջունեց այս քննարկումը, որուն ընթացքին երեսփոխաններուն մեծամասնութիւնը շեշտեց, թէ Արցախի տագնապը կարելի է լուծել միա՛յն խաղաղ միջոցներով, միաժամանակ նեցուկ կանգնելով ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին։

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանն ու Արցախը համաձայն են զինադադարը ամրապնդելու նպատակով ԵԱՀԿի առաջարկներուն, սակայն Ատրպէյճան ցարդ կը մերժէ զինադադարը խախտող կողմը բացայայտելու կարողութիւնը ունեցող սարքերու տեղադրումը։

Քննարկումին ընթացքին շարք մը երեսփոխաններ խստօրէն դատապարտեցին Պաքուի այս կեցուածքը եւ պահանջեցին ճնշում բանեցնել Ատրպէյճանի վրայ, որպէսզի վերջինս ընդունի վստահութիւն ներշնչող այս եւ նման քայլերու որդեգրումը։

Երեսփոխանները դատապարտած են յատկապէս քաղաքայիններու դէմ ատրպէյճանական կողմին գործած բռնութիւնները, իսկ անոնցմէ ոնանք (ինչպէս՝ լիւքսեմպուրկցի Ֆրանք Անկել եւ կիպրացի Էլենի Թէօչարոս) իրենց ձայնը միացուցած են սպանացի Ժոզէֆ Մարիա Թերիքապրասի այն կոչին, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները պէտք է ներառնուին Մինսկի խմբակի ծիրէն ներս ընթացող բանակցութիւններուն մէջ, հաստատելով, թէ անհրաժեշտ է միջազգայնօրէն ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը








All the contents on this site are copyrighted ©.