2016-04-13 16:06:00

Ֆրանչիսկոս Պապի խորհրդատու ինը կարդինալներու նիստերը


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 13 ապրիլ 2016-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենակի տնօրէն՝ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց  վերջին երեք օրերու ընթացքին տեղի ունեցող  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորութեամբ Ինը Կարդինալներու խորհուրդի ԺԴ նիստի գործունէութիւնն ու ժողովի ընթացքին առնուած որոշումները ու ապագայի ծրագիրները։ 

Յայտնենք թէ սոյն խորհուրդին անմիջական պարտականութիւնն է խորհուրդ տալ եւ օգնել Սրբազան Քահանայապետին, իրեն յանձնուած պաշտօնին մէջ, ու յատկապէս Վատիկանեան կառոյցներուն եւ սահմանադրութեան մէջ նորութիւններ ու բարեփոխումներ առաջարկելու ու առաջարկներու հիման վրայ բարեկարգումներ կատարելու։

Հայր Ֆետերիքօ Լոպարտին յայտնեց՝ թէ ինը կարդինալներու նիստերուն կեդրոնական նիւթը եղած է Քուրիայի զանազան կառոյցները ՝ ի տես առաքելական նոր սահմանադրութեան։

Վերատեսուած են Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ առաջարկուած նոր երկու ժողովներու հիմնարկութիւնը ՝ ՝՝Աշխարհականներ, ընտանիք, կեանք՝՝ եւ  Արդարադատութիւն, խաղաղութիւն, գաղթականներ ժողովները։

Քննարկուած են նոր եպիսկոպոսներու անուանումի հայող, անոնց մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու չափանիշերը,  առաքելական նուիրակներու դերակատարութիւնն ու անոնց իմաստը։

Մամլոյ ասուլիսի աւարտին, Հայր Լոպմարտին յայտնեց՝ թէ ինը կարդինալները իրենց նիստերու վերջին օրը եզրափակած են աշխատանք տանելով դասաւորելու եւ համադրելու համար նախորդ ժողովներէն բխած արդիւնքներ՝  վերջնական ձեւով առաջարկ մը պատրաստելու համար եւ զայն ներկայացնելու Ֆրանչիսկոս Պապին

Ինը կարդինալներու յաջորդ նիստը պիտի գումարուի յառաջիկայ 6-7-8 յունիսին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.