2016-04-13 10:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց որ աղօթքով ընկերանան Լեզւոս կղզի կատարելիք ճամբորդութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 13 ապրիլ 2016-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ շնորհած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ  հաւատացեալներէն խնդրեց, որ  աղօթեն՝ Շաբաթ, 16 ապրիլին, Յուսնաստանի Լեզւոս կղզի կատարելիք  առաքելական ճամբորդութեան  համար, որուն կէտնպատակն է  զօրակցութիւնը յայտնել կղզիին մէջ գտնուող գաղթականներուն։

՝՝Յառաջիկայ ՝շաբաթ, 15 ապրիլին, պիտի ժամանեմ Լեզւոս կղզի,  ուրտեղէն նախորդ ամիսներուն  անթիւ  գաղթականներ անցան կղզիէն – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ աւելցուց ''Կղզի պիտի երթամ  ընկերակցութեամբ Կ. Պոլսոյ Բարթողոմէոս Պատրիարքին եւ Աթէնքի  եւ Յուսնաստանի արքեպիսկոպոս՝ Հիեոնիմոսի հետ, յայտնելու համար իմ աջակցութիւնս ու զօրակցութիւնս ըլլայ գաղթականներուն, ըլլայ կղզիի բնակիչներուն ինչպէս նաեւ Յունաստանի բովանդակ ժողովուրդին։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա բոլոր հաւատացեալներէն խնդրեց որ աղօթքով ընկերանան իրեն   ''Սուրբ Հոգիէն հայցելով ճրագն ու ուժը եւ Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական բարեխօսութիւնը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.