2016-04-13 11:05:00

''Ողորմութիւն կ՛ուզեմ եւ ոչ զոհ'' Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 13 ապրիլ 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ այս առթիւ արտասանած խորհրդածութիւնը դարձեալ կեդրոնացուց ողորմութեան նիւթին վրայ, ներշնչուելով օրուան աւետարանական հատուածէն, որ քաղուած էր Մատթէոսի Աւետարանէն (Գլ. 9, 9-10-13) ''Ողորմութիւն կ՛ուզեմ եւ ոչ զոհ''։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ակնարկելով աւետարանական ընթերցումին ու մատնանշելով թէ Մատթէոսը ''մաքսաւոր'' մըն էր ու բազմութենէն ճանչցուած որպէս մեղաւոր։ Յիսուս սակայն զայն կը կոչէ իրեն հետեւելու ու դառնալու իրեն աշակերտը։ Մատթէոս կ՛ընդառաջէ կոչին ու Յիսուսն ու անոր աշակերտները  կը հրաւիրէ իր տունը։ Այս եղելութիւնը սակայն  վէճ մը կը ծագեցնէ  աշակերտներուն եւ փարիսեցիներուն միջեւ, որովհետեւ ճաշը կը բաժնեկցէին մաքսաւորի մը ու մեղաւորի հետ։

Յիսուս արդարեւ չի հեռանար մեղաւորէն, այլ անոր մօտ կ՛երթայ, անոր մօտ կը բազմի- ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, եւ հրաւիրեց` որպէս քրիստոնեաներ, Մաքսաւոր Մատթէոսի նման, յանձնուելու Տիրոջ շնորհքին,­ հակառակ մեր մեղքերուն։

Մատթէոսի կոչումով Յիսուս մեղաւորներուն ցոյց կու տայ թէ Ինք չի նայիր անոնց անցեալին, անոնց ընկերային կացութեան, արտաքին իրողութիւններուն, այլ անոնց դիմաց կը բանայ նոր ապագայ մը։ Բաւ է համապատասխանել Անոր հրաւէրին հեզ, խոնարհ եւ անկեղծ սրտով։

Եկեղեցին կատարեալներու հասարակութիւն մը չէ այլ ճանապարհորդող աշակերտներու հասարակութիւն մը,  որ  Տիրոջ կը հետեւի ճանչնալով  մեղաւորի իր վիճակը ու ներումի կարիքը։  Քրիստոնէական կեանքը խոնարհութեան դպրոց մըն է որ բաց է շնորհքին, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ու յայտնեց թէ այս դպրոցին մէջ կարելի չէ մենք զմեզ արդար նկատենք եւ թէ այս իրողութեան արգելք կը հանդիսանան հպարտութիւնն ու սնապարծութիւնը, որոնք թոյլ չեն տար տեսնելու Աստուծոյ ողորմած դիմագիծը եւ գործելու ողորմութեամբ։

Յիսուսի առաքելութիւնը այս է. փնտռել մեզմէ ամէն մին, խնամելու համար մեր վէրքերը ու մեզ կոչել հետեւելու իրեն` սիրով։ Յիսուս յստակօրէն կ՛արտայայտէ այս գաղափարը '' առողջ մարդիկը չեն որ պէտք ունին բժիշկի, այլ հիւանդները''։ Եւ Յիսուս բարի բժիշկ է ։ Ան կը հռչակէ Աստուծոյ Արքայութիւնը։ Կը բուժէ հիւանդութիւնները, կ՛ազատագրէ չարէն, մահէն ու սատանայէն. Յիսուսի դիմաց ոչ մէկ մեղաւոր մէկդի կը դրուի, որովհետեւ Աստուծոյ բուժիչ զօրութիւնը չի ճանչնար հիւանդութիւններ որոնք կարելի չէ խնամել։

Եթէ Փարիսեցիները հրաւիրեալներուն մէջ կը տեսնեն միայն մեղաւորներ ու կը մերժեն անոնց հետ նստիլ, Յիսուս` ընդհակառակը, անոնց կը յիշեցնէ որ բոլորն ալ Աստուծոյ սեղանակից են։ Եւ Յիսուսի սեղանին շուրջ նստիլը կը նշանակէ Անորմէ կերպարանափոխուիլ ու փրկուիլ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, ակնարկելով քրիստոնեայ հասարակութեան սեղանին որ է Աստուծոյ խօսքը եւ Սուրբ Հաղորդութիւնը, որոնք երկու դեղահատեր են, որոնց միջոցաւ Աստուածային բժիշկը մեզ կը բուժէ եւ կը սնուցանէ։ Թէեւ ,յարեց Սրբազան Հայրը, շատ անգամ այդ խօսքը կրնայ ցաւալի թուիլ, որովհետեւ կը դատապարտէ կեղծաւորութիւնը եւ կը դիմակազերծէ կեղծ արդարացումները ու կը բացայայտէ թաքնուած ճշմարտութիւնները, սակայն միեւնոյն ժամանակ, ան մեզ կը լուսաւորէ եւ կը բիւրեղացնէ ու մեզի կը ներշնչէ ուժ եւ յոյս։ Մինչ Սուրբ Հաղորդութիւնը  մեզ կը սնուցանէ նոյնինքն Յիսուսի կեանքով, որ մեզ մշտապէս կը կերպարանափոխէ ու մեզ կը միացնէ Յիսուսի Մարմնոյն։

Յիսուս փարիսեցիներուն կը յորդորէ ''գացէք եւ սովեցէք ինչ կը նշանակէ` ողորմութիւն կ՛ուզեմ ե ոչ զոհ։ Ողորմութիւն` այսինքն սիրտ մը որ կը ճանչնայ իր մեղքերը, կը զղջայ ու կը վերադառնայ Աստուծոյ հաւատարմութեան։ Ոչ թէ զոհ` որովհետեւ առանց ապաշխարած սրտի, ամէն մէկ կրօնական ներգործութիւն ապարդիւն է։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը խորհրդածութեան աւարտին, ամէնքս հրաւիրուած ենք Տիրոջ սեղանին։ Ընդունինք այդ հրաւէրը եւ սորվինք նայիլ ողորմութեան աչքերով։ Ամէնքս աշակերտներ ենք որոնք կարիքը ունին փորձարկելու եւ ապրելու Յիսուսի մխիթարիչ խօսքը։ Ամէնքս կարիքն ունինք սնունդ առնելու Տիրոջ ողորմութենէն, որովհետեւ այդ  ակնաղբիւրէն է որ կը բխի  մեր փրկութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը ապա զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորները, հուսկ յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն, հաստատելով թէ միայն Յիսուս կարող է համապատասխանել անոնց երջանկութեան ու բարիքի ձգտումներուն­, ու միայն Քրիստոսի Յարութեան մէջ է` ցաւի ու տառապանքի մխիթարութիւնը, հուսկ հրաւիրեց ամուսնական կեանքը ապրիլ ամբողջական նուիրումով` Քրիստոսի ու Աւետարանի ուսուցումներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.