2016-04-13 12:47:00

Նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսները


Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Ապրիլ 13-ին հանդիպում մը ունեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի եւ Մեծի Տան Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ի հետ:

Յանդիման ընթացքին քննարկուած են  պետութիւն-եկեղեցի, Հայրենիք-Սփիւռք կապերուն վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Ուշադրութեան կեդրոնին էին Ապրիլ 2-էն 5 Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններուն եւ անոնց հետեւանքներուն վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Սահակեան նշած է, որ այս օրհասական օրերուն համայն հայութիւնը ցուցաբերած է օրինակելի միասնականութիւն, բարձր հայրենասիրութիւն եւ անձնուիրութիւն` ընդգծելով այս գործընթացին մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութիւնը:

Երկրին ղեկավարը արժեւորած է Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տան Կիլիկիոյ կաթողիկոսներուն այցը Արցախ` նշելով ատոր պատմական ըլլալը հոգեւոր, քաղաքական եւ մատաղ սերունդին հայեցի դաստիարակութեան տեսանկիւններէ:

Հանդիպումին կը մասնակցէին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, բարձրագոյն հոգեւորական դասի խումբ մը ներկայացուցիչներ:

Քաղուած Եռագոյն կայքէն








All the contents on this site are copyrighted ©.